image

Երեւանի քաղաքապետարանին մէջ՝ արտահերթ նիստ

Երեւանի քաղաքապետարանին մէջ՝ արտահերթ նիստ

Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեանի ֆեյսպուքեան էջէն կը տեղեկանանք՝ արտահերթ խորհրդակցութիւն հրաւիրուած է փոխքաղաքապետերու եւ վարչական շրջաններու ղեկավարներու մասնակցութեամբ:

«Քննարկեր ենք քաղաքային տնտեսութեան վերաբերող  շարք մը հրատապ ու ծրագրային խնդիրներ, մասնաւորապէս, «Քորոնա» ժահրային համավարակի պայմաններուն մէջ աշխատանքի կազմակերպման վերաբերող հարցեր»,- ըսուած է քաղաքապետի գրառման մէջ: