image

Երեք Բրիտանացիներ Փորձած Են Զէնք Ներածել Թուրքիա Եւ Ձերբակալուած Յունաստանի Սահմանին Մօտ

Երեք Բրիտանացիներ  Փորձած Են Զէնք Ներածել Թուրքիա Եւ Ձերբակալուած Յունաստանի Սահմանին Մօտ

Յունաստան-(«Տէյլի Սապահ»-Պոլիս)- Յունաստանի ոստիկանութիւնը յայտարարած է, որ Յունաստանի իշխանութիւնները ձերբակալած են երեք բրիտանացիներ , որոնք կը փորձէին զէնք է ներածել Թուրքիա: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Տէյլի Սապահ» նշելով, որ ձերբակալեալները, որոնք քիւրտ-իրաքեան ծագում ունին, ձերբակալուած են շաբաթ երեկոյեան, հիւսիսարեւելեան Յունաստանի Քիփոյի գիւղի մօտ գտնուող սահմանային անցքին մօտ: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ ոստիկանութիւնը յայտնաբերած է 18 հրացաններ եւ տասնեակ հազարաւոր փամփուշտներ, որոնք պահուած եղած են իրենց ինքնաշարժին  մէջ: Կասկածեալներէն մէկուն մօտ յայտնաբերուած է մօտ  1,100 ԱՄՆ տոլար, թրքական լիրա եւ իրաքեան տինար, իսկ միւսին  մօտ եղած է 900 եուրո (1000 տոլար) եւ հինգ բջիջային հեռախօսներ: Ոստիկանութիւնը նաեւ նշած է, որ  զէնքերը բերուած եղած են Գերմանիայէն՝ վաճառելու նպատակով: «Սապահ» կը նշէ, թէ հակառակ անոր, որ ձերբակալեալները կը պատկանին խուլիգանական խմբաւորման, սակայն  ոչ մէկ փաստ կայ անոնց ահաբեկչական խմբաւորման հետ կապ ունենալուն: Անոնց հասցէին նախապէս եւրոպայի մէջ ձերբակալման հրամանագիր չէ եղած: Անոնցմէ միայն մէկուն  հասցէին կասկածանք կայ՝  ոճրագործական կազմակերպման մէջ: