Վերջին օրերուն Սուրիոյ մէջ գրանցուող զինուորական գործողութիւնները ցոյց կու տան, որ ռուսական ուժերու կատարած միջամտութիւնը ձեւական բնոյթ չի կրեր: Աւելի պարզ ըսելու համար, պէտք է հաշուի առնել, որ Սուրիան նոյնը չէ ինչ, որ էր նախքան Ռուսիոյ ուղղակի միջամտութիւնը: Տեղի ունեցածը, միայն ռուսական շահերուն եւ անոր «տաք ջուրերուն» մօտ մնալու համար եղած արարք մը չէ: Ու միամտութիւն է կարծել, որ «Կարմիր բանակ»ին յետնորդները այս «խաղին» մէջ մտած են առանց հաշուի առնելու արեւմուտքի եւ մասնաւորապէս ԱՄՆ –ի կեցուածքները: Ճակատէն ստացուած լուրերուն համաձայն Սուրիոյ բանակը մօտեցած է Հոմս- Հալէպ ճանապարհը գրաւելու նպատակին: Այդպիսով բանակը պատրաստուած պիտի ըլլայ Հալէպի մէջ իր դիրքը զօրացնելու եւ պատրաստուելու Հալէպի մէջ երկար ատենէ ի վեր սպասուած ճակատանարտին: Բացի ասկէ ընկերային ցանցերու վրայ գործող տարբեր աղբիւրներ սկսած են յաճախակի կերպով խօսիլ Հալէպի ազատագրման մասին: Այս առումով տեղի է յիշեցնել, որ Հալէպը ազատագրելու մասին բազում անգամներ խօսակցութիւններ լսուած են: Հալէպը ուրիշ էր տարի մը առաջ եւ ուրիշ է այսօր: Ու դժուար չէ կռահել, որ ընդդիմադիր տարբեր խմբաւորումներ կրնան մէկ օրուան մէջ իրենց զէնքը գետին նետել եւ յանձնուիլ: Տարբեր առիթներով հնչած եւ Հալէպը ազատագրելու մասին եղած խօսքերը այսօր այլ մակարդակի վրայ են պարզ անոր համար, որ ընթացող մարտերուն թիւ մէկ ուղղութիւն տուող նոր ռուսական ուժը եւ անոր մասնակցութիւնը տարբեր ելքեր կրնան բերել արիւնահոսող Սուրիային: Հալէպը խմեց սուրիական պատերազմի ամէնադառն բաժակը: Արդեօ՞ք ժամանակը հասունցած է ըսելու համար, որ յառաջիկայ շաբաթները խիստ կարեւոր պիտի ըլլան եւ Հալէպը մէկ անգամ ընդմիշտ դուրս պիտի հանուի պատերազմի եւ մահուան ուրուականներէն:
Պատասխանը դժուարին է, դժուարին է նաեւ կռահելը: Մէկ բան յստակ է, որ այսքան փորձութիւնէ յետոյ Միջին Արեւելքի հայութեան համար գլխաւոր դարպասը համարուող Հալէպը պիտի պահպանուի: Գրաւներ դնելու ժամանակը վաղուց անցած է ու բացորոշ է նաեւ, որ Վլատմիր Փութինի Մոսկուան, ոչ թէ կարեւոր խաղացող է այլ համարեայ կարեւորագոյն խաղացողն է: Իսկ թէ երբ սկիզբ կ'առնէ Հալէպի ճակատամարտը այդ մէկը կախեալ է Մոսկուայի հաշիւներէն եւ «թայմինկներէն»:
«Խմբագիր»