Անգարայի մէջ ՌԴ դեսպանն սպաննող Մեւլութ Ալթինթաշի քոյրը՝ Սահար յայտնած է, որ իր ընտանիքի անդամները ամօթ կը զգան կատարուածին համար եւ ցանկութիւն չունին իր եղբօր՝ Մեւլութի դիակն ստանալ ու զայն թաղելու, կը գրէ «RT Arabic» լրատուական կայքը:
Սահար «Հուրրիյէթ» պարբերականին տուած հարցազրոյցի ընթացքին իր ընտանիքի անդամներուն անունով յայտնած է. «Շատ կը փափաքէինք, որ եղբայրս Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած պայթումներէն մէկուն զոհ գացած ըլլար, այդ ժամանակ հպարտ պիտի ըլլայինք»:
Ըստ Սահար Ալթինթաշի, սպանութեան տեսաերիզին մէջ երեւացող իր եղբայրը անհանգիստ ու անսովոր շարժումներ կը կատարէր՝ մէկէ մը հրաման սպասողի տպաւորութիւն ստեղծելով»: