image

Ենթասպայ Ռոպերթ Ապաճեան յետ մահու «Արցախի հերոս» կոչումին արժանացաւ

Ենթասպայ Ռոպերթ Ապաճեան յետ մահու «Արցախի հերոս» կոչումին արժանացաւ

Արցախի նախագահի հրամանագրով, Արցախի պաշտպանութեան բանակի կրտսեր ենթասպայ Ռոպերթ Ապաճեանին յետմահու շնորհուած է Արցախի հերոսի կոչում եւ «Ոսկէ արծիւ» շքանշան: Այս մասին կը տեղեկացնէ ԼՂՀ նախագահի պաշտօնական կայքը, նշելով, որ պարգեւատրման արարողութիւնը տեղի ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի եւ Շուշիի ազատագրման օրուայ կապակցութեամբ մայիսի 8-ին եղած տօնակատարութեան, Արցախի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրէն ներս: Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը կը հաղորդէ, որ ԼՂՀ պետական սահմանը պաշտպանելու եւ հայրենիքի պաշտպանութեան համար մղուած մարտերուն ցուցաբերած  արիութեան եւ խիզախութեան համար, խումբ մը պաշտպանութեան բանակի զինծառայողներու, ազատամարտիկներու եւ կամաւորներու յանձնուած են պետական բարձր պարգեւներ:

ԼՂՀ պետական սահմանը պաշտպանելու եւ Հայրենիքի պաշտպանութեան համար մղուած մարտերուն ցուցաբերած  արիութեան եւ խիզախութեան համար «Մարտական խաչ» 2-րդ աստիճանի շքանշանով պարգեւատրուած է 1 հոգի, «Արիութեան համար» մետալով պարգեւատրուած է 44 հոգի, որոնցմէ 4-ը՝ յետմահու, «Մարտական ծառայութիւն» մետալով պարգեւատրուած է 241 հոգի, որոնցմէ 11-ը` յետմահու: Շուշի քաղաքի ազատագրման համար մղուած մարտերուն մասնակցութեան համար «Շուշիի ազատագրման համար» մետալով պարգեւատրուած է 16 հոգի, որոնցմէ 2-ը` յետմահու: Եւ ի վերջոյ, ԼՂՀ մատուցած ծառայութիւններու համար մէկ ազատամարտիկ պարգեւատրուած է «Երախտագիտութիւն» մետալով: