image

Եգիպտոսի ԱԳ նախարարութիւնը կը պատասխանէ Ծոցի Երկիրներու Համագործակցութեան խորհուրդին

Եգիպտոսի ԱԳ նախարարութիւնը կը պատասխանէ Ծոցի Երկիրներու Համագործակցութեան խորհուրդին

Ի պատասխան Ծոցի Երկիրներու Համագործակցութեան խորհուրդի դժգոհութեան՝ Եգիպտոսի կողմէ Քաթարին ուղղուած մեղադրանքին առումով, Եգիպտոսի ԱԳ նախարարութիւնը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ մը, ուր նախ բարձր գնահատած է Ծոցի երկիրներուն Եգիպտոսի հետ փոխյարաբերութիւնները ամուր հիմքերու վրայ պահելու տրամադրուածութիւնը, այնուհետեւ յայտնած է, թէ Գահիրէ «կը ցանկար, որ Ծոցի Համագործակցութեան խորհուրդի դիրքորոշումը արտացոլէր եգիպտական կողմի դիրքորոշման ճիշտ ընկալումը», աւելցնելով, որ իր կողմէ ձեռք բերուած տեղեկութիւնները ստոյգ են, եւ որ եկեղեցւոյ պայթումի գլխաւոր մեղադրեալը կապի մէջ եղած է Քաթար գտնուող միաւորներու հետ: Այս մասին կը յայտնէ «Անատոլու» գործակալութիւնը:

Յիշեցնենք, որ Եգիպտոսի Ներքին Գործոց նախարարութիւնը օրեր առաջ յայտարարութիւն մը հրապարակած էր, ուր կը նշէր, որ ղպտի եկեղեցւոյ պայթումի գլխաւոր մեղադրեալը 2015 թուականին Քաթար գացած եւ այնտեղ հանդիպած է «Իսլամական Եղբայրներ» շարժումի ղեկավարներու հետ, այնուհետեւ վերադարձած է Սինա եւ կապի մէջ մնալով խմբաւորման Քաթարի ղեկավարութեան հետ, ծրագրած է իր ահաբեկչական գործողութիւնը: