image

Ձերբակալուած է քիւրտ առաջատար գործիչ Օսման Պայտէմիր

Ձերբակալուած է քիւրտ առաջատար գործիչ Օսման Պայտէմիր

Տիարպէքիրի նախկին քաղաքապետ եւ իր հայանպաստ կեցուածքներով յայտնի Օսման Պայտէմիր ձերբակալուած է: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ թրքական «Միլլիյէթ» պարբերականը:

Պայտեմիրէն բացի Տիարպեքիրի մէջ ձերբակալուած են նաեւ քրտամէտ HDP կուսակցութեան եւս երկու պատգամաւորներ` Ահմէտ Եըլտըրըմն ու Իմամ Թաշչըէրը: Անոնք տարուած են դատարան` «Քիւտիստանի հասարակութիւններու միութեան» (KCK) գործով ցուցմունք տալու:
Ըստ քրտական կայքերու Իմամ Թաշչըէրի դէմ հետաքննութիւն կ՛իրականացուի «Թուրքիոյ Հանրապետութեան կառավարութիւնը հրապարակայնօրէն ծաղրելու» եւ «հանրապետութեան նախագահը վիրաւորելու» մեղադրանքներով:
Պայտէմիր իր քաղաքապետութեան օրերուն կարեւոր աշխատանք տարած էր տարածքաշրջանին մէջ ամէնէն մեծը համարուող՝ Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները իրականացնելու գործով եւ աւելի ուշ եկեղեցւոյ բացման առթիւ մեծ համերգ մը կազմակերպելով:

Հայ ժողովուրդէն բազմիցս ներողութիւն խնդրած Պայտէմիր 3 տարի առաջ ՝ նոյեմբեր 2014-ին «Արեւմտահայերու Ազգային Համագումար»ի (ԱԱՀ) հրաւէրոէվ այցելած էր Երեւան եւ մասնակացած հայ- քրտական հարցերու նուիրուած գիտաժողովի:
Ան այդ այցի շրջանակներուն մէջ այցելութիւն տուած էր Ծիծեռնակաբերդ եւ իր յարգանքի տուրք մատուցած հայ ռողովուրդի 1.5 միլիոն նահատակներու յիշատակին: