image

Ձերբակալուած է Լիբանանը ցնցած Պաաքլինի ոճիրին հեղինակը. Ան սպաննած էր 10 անձեր

Ձերբակալուած է Լիբանանը ցնցած Պաաքլինի ոճիրին հեղինակը. Ան սպաննած էր 10 անձեր

22 Ապրիլին, «Արեւելք» հրապարակեց լուր մը լիբանանեան ծանր սպանդի մը մասին, որ տեղի ունեցած էր Պաաքլին գաւառին մէջ, որ կը գտնուի Պէյրութէն 45 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:  

18 տարուան ընթացքին, այսպիսի զանգուածային ոճիր մը չէր ցնցած Լիբանանը:   Մազէն Հարֆուշ սպաննած է իր կինը, երկու դուստրերը՝ Սերենա 6 տարեկան եւ Լիանա 3 տարեկան, ապա որսի հրացանով սպաննած է 27 ամեայ եղբայրը, հարեւան գիւղէն   երկու լիբանանցիներ, եւ շարունակած է սպանութիւնները՝ խլելով Լիբանան ապրող  հինգ սուրիացիներու կեանքը, որոնց մէջ կան երկու երեխաներ:  Ոճրագործը  օր ցերեկով կրցած է փախուստ տալ իր եղբօր՝ Ֆաուզիյին հետ, որ կը կասկածուի որպէս մեղսակից այս ոճիրին:

Դրդապատճառին մասին ճշգրիտ տուեալներ ցարդ չկան: Կ'ըսուի թէ ոճիրը պատուախնդրական էր, կամ հետեւանք էր ընտանեկան անհամաձայնութեան:

Ըստ «Ալ-Արապիա»-ին, Հարֆուշ քանի մը անգամ դաշունահարած է իր 33 ամեայ կինը՝ Մանալ Թիմանին, ապա մորթած է զայն իրենց բնակարանին մէջ: Հրացանը առնելով դուրս փախած է, զինք հալածած է իր եղբայրը՝ Քարիմ, որ սակայն եւս սպաննուած է: Ոճրագործը շարունակած է իր փախուստը հասնելով շինարարական տարածք մը, ուր սպաննած է այնտեղի բանուորները, որոնք սուրիացիներ են: Առաջինը՝ Եասէր Ալֆարաժ՝ հայր երեք երեխաներու, իսկ երկրորդը Ահմատ Պասուն, որ սպաննուած է իր երկու զաւակներուն հետ միասին, Մուհամմատ 10 տարեկան եւ Հասան 15 տարեկան: Այնտեղ յայտնուած է նաեւ ուրիշ բանուոր մը, զայն ալ սպաննելով փախուստ  տուած  է իր եղբօր հետ:

Ոճիրէն օրեր անց շրջանի ոստիկանութիւնը կրցած է գտնել ու ձերբակալել Մազէն Հարֆուշը, Պաաքլին գաւառի հարեւան՝ Այնպալ գաւառին մէջ, ուր ապաստանած էր: Իսկ եղբօր մասին, Մազէն խոստովանած է, որ զայն ալ սպաննած է : Այսպիսով զոհերուն թիւը հասած է 10ի:

2002 թուականին, Լիբանան կրկին ապրած էր այսպիսի ցնցում մը, երբ Յուլիսին, Պէյրութի «ԵՈՒՆԵՍՔՕ»ի տարածքին մէջ, կատարուեցաւ զանգուածային ոճրագործութիւն մը, Ահմատ Մանսուր անունով պաշտօնեայի մը կողմէ, որ զայրանալով «Անձնական դպրոցներու ուսուցիչներու փոխհատուցումի հիմնադրամ»ի աշխատողներէն, ինչ որ վարչական կամ այլ պատճառներէ, սպաննած էր անոնցմէ 8 անձ: Ան դատապարտուած ու գնդակահարուած է Յունուար 2004-ին: