image

«Դուք այս շրջանին մէջ շատ գլուխ բարձրացուցիք». Լիբանանահայ Խաչիկի վրայ դաշոյնով յարձակում (Լուսանկարներ 18+)

«Դուք այս շրջանին մէջ շատ գլուխ բարձրացուցիք». Լիբանանահայ Խաչիկի վրայ դաշոյնով յարձակում (Լուսանկարներ 18+)

Ըստ  Radar scoop   կայքին, 25-ամեայ  Խաչիկին վրայ դաշոյնով յարձակում տեղի ունեցած է: Կայքը կը հաղորդէ, որ անցեալ շաբաթ երեկոյ, երբ Խաչիկ անունով լիբանանահայ  երիտասրդը Պէյրութի Սատ ալ Պաուշրիյէ շրջանի տան մերձ կ'ուղղուէր դէպի նպարատուն, ինքնաթիռի (մօթորսիքլէթ) վրայ եղող արաբախօս երիտասարդ մը իրեն մօտենալով հարց տուած է`

 -Ինչո՞ւ ծուռ հայացքով ինծի կը նայիս.

Խաչիկ զարմանալով պատասխանած է

-Կը   ճանչնա՞մ  քեզ, որ ծուռ նայիմ...

Այս խօսակցութիւնէն ետք անծանօթը «Դուք այս շրջանին մէջ շատ գլուխ բարձրացուցիք» ըսելէ ետք դաշոյնի հարուած մը տուած է Խաչիկի դէմքին եւ հեռացած:

Աղբիւրը կը նշէ, որ Խաչիկի աչքը հրաշքով փրկուած է: Աւելի ուշ վիրաւոր հայորդին վկայութիւն տուած է ապահովական մարմիններուն եւ ըսած, որ դաշոյնով  իր վրայ յարձակողին չի ճանչնար, եւ ան սուրիացի մըն է. «Ան սեւ մօրուքով էր եւ նման «Տահէշ»ի ահաբեկիչներուն»,- վկայած է Խաչիկ:


 

 


 

Յիշեցնենք, որ այս առաջին դէպքը չէ,  որ կը կատարուի  Լիբանանի  մէջ:

Անցնող տաս օրերուն «սովորական» դարձած բանակռիւներէ եւ յարձակումներէ բացի գրանցուած էին երկու ծանր ոճիրներ, որոնք ցնցած էին ամբողջ լիբանանեան հասարակութիւնը:

 

Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով Լիբանան հաստատուած փախստականներու հարցը կը շարունակէ մնալ երկրի անվտանգութիւնը խաթարող  հիմնական հարցերէն մին:

Ըստ վերջին վիճակագրութեանց, ներկայիս Լիբանանի մէջ կ'ապրին 1.5 միլիոն սուրիացիներ, մինչ Լիբանանի բնակչութեան ընդհանուր թիւը կը գնահատուի 4.5 միլիոնով: