«Ֆէյսպուք» ընկերային ցանցը թէքնիք բարդութիւններ ունենալով անջատուած է: Նշենք, որ այս մասին տեղեկութիւնը տրուեցաւ ԱՖՓ լրատուական գործակալութեան կողմէ: Ֆէյսպուքի աշխատանքի դադրեցումը տեղի ունեցած է երեկոյան ժամը 23:20 -ին (Երեւանի ժամանակով): Մինչեւ այս պահը ընկերութեան պատկան մարմինները յստակ տեղեկութիւններ չեն փոխանցած տեղի ունեցած խանգարումին մասին: Նշենք, որ այս առաջին անգամը չէ, որ «Ֆէյսպուք» նման հարցեր կը դիմագրաւէ: