image

«Ենթադրում եմ՝ կը կալանաւորուեմ». «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան պատգամաւորի թեկնածու Դաւիթ Ղազինեան

«Ենթադրում եմ՝ կը կալանաւորուեմ». «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան պատգամաւորի թեկնածու Դաւիթ Ղազինեան

Կ՚ենթադրեմ՝ կը կալանաւորեն, որեւէ իրաւական մարմնէ որեւէ իրաւական բան չեմ սպասեր, մանաւանդ այս չակերտաւոր անկախ մարմնէն, այնպէս որ գործընթաց է, բոլորս ալ պատրաստ ենք, ամէն ինչ շատ լաւ է: Այս մասին Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի շէնքի դիմաց լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան պատգամաւորի թեկնածու Դաւիթ Ղազինեանը՝ խօսելով Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի կողմէ քննուող զինք անձեռնմխելիութենէ զրկելու միջնորդութեան մասին:

«Այս ամէնը ոչ մի բանի մասին է, իշխանութեան վախերի մասին է, ակնկալիք չունեմ որպէս այդպիսին: Չգերագնահատելով իմ անձը, բայց սա ուղղուած է եւ իմ ակտիւութեան դէմ, եւ մեր քաղաքական ուժի ակտիւութեան դէմ»,- նշած է ան:

Անդրադառնալով ձայնագրութեան, որուն մէջ ըսուած էր՝ «Ղազինեան Դաւոն 1,400,000 դրամը տուել է Արմանին»` Ղազինեանը պարզաբանած է, որ կ՚ենթադրէ՝ Արմանը իրեն շատ մտերիմ անձ է:

«Որեւէ գումար որեւէ մէկին չեմ տուել, ինչ վերաբերւում է ձայնագրութեանը, դուք էլ էք տեսնում, այնտեղ գլխաւոր դերում մաքրուհին է, այստեղ չկայ իրաւական ոչ մի բան: Չկայ այդպիսի գումար, ես չգիտեմ ով ում է տուել, ինչ է արել, եթէ անգամ տեսականօրէն դա տրուած լինէր, ինչ է նշանակում՝ ես մտել եմ տարածք կամ տուել եմ գումար ինչ-որ մէկին, ասել եմ սա ընտրակաշառքի գումար է, դա աբսուրդ է»,- շեշտած է ան:

Նշենք, որ այսօր Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը կը քննարկէ «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան պատգամաւորի թեկնածու Դաւիթ Ղազինեանը անձեռնմխելիութենէ զրկելու հարցը: Յիշեցնենք, որ ըստ ՀՀ հակափտածութեան կոմիտէի՝ փաստական տուեալներ ստացուած են այն մասին, որ դաշինքի Երեւանի Արաբկիր վարչական շրջանի նախընտրական գրասենեակի պատասխանատուները եւ թեկնածու Դաւիթ Ղազինեանը համակիրներու հետ նախնական համաձայնութեամբ ընտրողներուն կաշառք տուած են։ Շրջանառուող ձայնագրութեան եւ քննութեան տուեալներով՝ կը հնչ պնդում, որ «Ղազինեան Դաւոն 1.400.000 (մէկ միլիոն չորս հարիւր հազար) դրամը տուել է» ընտրողները նիւթապէս շահագրգռելու նպատակով։