Սուիրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ Ռուսիոյ դեսպանութիւնը, հրասանդային ռմբակոծութեան ենթարկուած է ահաբեկիչներու կողմէ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ռիա Նավոսթի»ն, նշելով, որ տուժողներ եւ վիրաւորներ չեն արձանագրուած:
Սուրիոյ բանակի զինուորականներու խօսքով`յարձակման ուղղութիւնը եղած է Դամասկոսի հարաւային կողմը գտնուղ Ճաուպար թաղամասէն , որ կը գտնուի «Ահրար Ալ-Շամ»ի եւ «Ալ-Նուսրա»ի ահաբեկչական խմբաւորումներու վերահսկողութեան տակ:
Նշենք, որ Դամասկոսի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան վրայ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ նման յարձակումները յաճախակի են, որոնցմէ վերջինը պատահած էր 2016-ի դեկտեմբերին: