Սուրիոյ մէջ Իտլիպի արուարձան Հարասթա քաղաքին մէջ հրադադարի բանակցութիւններ սկսած են «Ալ Ռահման» ջոկատի ղեկավար Ապու Ասիի եւ ռուս բարձրաստիճան սպաներու միջեւ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:
Աղբիւրին համաձայն, Ապու Ասի իր ուժերը ետ քաշելու նախնական համաձայնութիւն տուած է, փոխարէնը պահանջելով իր խմբաւորման 28 հազար կալանաւորներն ազատ արձակել Սուրիոյ բանտերէն:
Ռուս սպաները խոստացած են վերջինիս պահանջը փոխանցել Սուրիոյ կառավարութեան, այնուհետեւ շարունակել բանակցութիւնները: