Չինաստան մտադիր է Սուրիական բանակին օժանդակութիւն տրամադրել, ռազմական ուժեր ուղարկելով Սուրիա, կը հաղորդէ «Euronews» լրատուական կայանը:
Ըստ աղբիւրին, նման կտրուկ որոշման պատճառը այն է, որ Թուրքիստանի արեւելեան շրջանին մէջ օրէ օր կ'աճի «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման կողմէ եկող վտանգը:
Աղբիւրը նշած է նաեւ, որ Չինաստանի Արտաքին գործոց նախարար Ուանկ Յի Սուրիոյ նախագահի խորհրդական Պուսայնա Շաապանի հետ հանդիպման ժամանակ բարձր գնահատած է Դամասկոսի կողմէ Արեւելեան Թուրքիստանի մէջ հաստատուած «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ մղուող պայքարը:
Փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն, Չինաստան մտադիր է «Սիպերիոյ վագրեր» եւ «Գիշերային վագրեր» զօրագունդերու երկու միաւորներ ուղարկել Սուրիա, որոնք չինական բանակի յատուկ գործողութիւններու ռազմական ուժերուն մաս կը կազմեն: