image

Չինաստան Միջին Արեւելք «կը մտնէ». Arab News

Չինաստան Միջին Արեւելք «կը մտնէ». Arab News

Սէուտական «Arab news» թերթը յօդուած մը հրապարակած է, ուր անդրադարձած է Չինաստանի կողմէ կիրառուող տնտեսական միջոցներուն, Միջին Արեւելքի մէջ իր ազդեցութիւնն ուժեղացնելու նպատակով:

Յօդուածին մէջ նշուած է, թէ Չինաստանի նախագահը 20 միլիառ տոլարի հասնող վարկեր տրամադրած է արաբական երկիրներուն, եւ 100 միլիոն տոլարի օգնութիւններ տրամադրած Սուրիոյ, Յորդանանին, Լիբանանին, Պաղեստինին եւ Եմէնին: Ան նաեւ յայտարարած է 3 միլիառ տոլարի պիւտճէի կառավարման համար դրամատուներու միութեան ստեղծման մասին:

Թերթը դիտել տուած է, որ Չինաստանի այս յայտարարութիւնը կը համընկնի ԱՄՆ-ի կողմէ առաջադրուած «Մարշալի նախագիծ»ի 70-ամեակին հետ, երբ վերջինս 1948 թուականէն մինչեւ 1953 թուական Եւրոպայի վերաշինութեան համար միլիառաւոր տոլարի հասնող տնտեսական օգնութիւններ տրամադրեց:

Թերթին փոխանցմամբ, Չինաստանի նախագահը նշած է, թէ իր երկիրն այս քայլով կը ձգտի Արաբական երկիրներու լիկային հետ ռազմավարական համագործակցութեան միջոցով հովանաւորել Միջին Արեւելքի խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը: