Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ Դաւիթ Տոնոյեան ուշագրաւ յայտարարութեամբ հանդէս եկած է: Տոնոյեան, որ խօսած է «Հայկական ժամանակ»ին նկատել տուած է, թէ անցնող քսան տարուան ընթացքին առաջին անգամն է, որ Ազրպէյճան «խիստ պաշտպանողական» դիրքի անցած է: Տոնոյեան նաեւ վստահեցուցած է, որ հայկական սահմանապահ զօրքերը կը գտնուին կազմ ու պատրաստ, հակառակորդի կողմէ կատարուելիք, որեւէ գործողութեան դիմաց: