Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան եւ խմբակցութեան անդամ Վահէ Էնֆիաճեանը վարակուած է «Քորոնա» ժահրվ: Այս մասին Էնֆիաճեանը գրած է «Ֆեյսպուք»-ի իր էջին:
«Յարգելի հայրենակիցներ, յանձնած եմ COVID-19-ի քննութիւն, քիչ առաջ տեղեկացայ, որ քննութեան պատասխանը դրական է։ Պէտք է նշեմ, որ ինքնազգացողութիւնս լաւ է, այս պահուն որեւէ անհանգստացնող գանգատ չունիմ»,- գրած է Էնֆիաճեանը: