NEWS.am-ի տեղեկութիւններով ձերբակալուած է Աժ նախկին պատգամաւոր Աբրահամ Մանուկեանը։
Երէկ Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի Շենգաւիթի նստավայրին մէջ կը քննուէր Աժ նախկին պատգամաւորը կալանաւորելու հարցը։ Այսօր՝ 17 յունիսին, պիտի շարունակուի նախկին պատգամաւորը կալանաւորելու միջնորդութեան քննութիւնը։
Ըստ NEWS.am-ի աղբիւրին՝ քրէական գործին մէջ նշուած է նաեւ «Մուլթի կրուփի» տնօրէն Սեդրակ Առուստամեանի անունը։