ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը 25 յուլիսին հարցազրոյց տուած է ռուսական РБК հեռուստաալիքին, ուր անդրադարձած է Ռուսաստանի մէջ ապրող ատրպէյճանցիներու կողմէ ձեռնարկուող հակահայկական յարձակումներուն։ Այս մասին «Ֆեյսպուք»-ի իր էջին գրած է Փաշինեանը։
Մեկնաբանելով Ռուսաստանի մէջ ապրող ատրպէյճանցիներուն կողմէն ձեռնարկուող հակահայկական յարձակումները՝ ՀՀ վարչապետը ըսած է, որ անոնք ոչ միայն Ատրպէյճանի ղեկավարութեան հակահայկական հռետորաբանութեան արտայայտութիւն են, այլեւ Ռուսաստանը ապակայունացնելու, Ռուսաստանը ազգամիջեան բախումներու թատերաբեմ դարձնելու փորձ:
«Կասկած չկայ, որ Ռուսաստանի իշխանութիւնները ունին բոլոր միջոցներն ու կարողութիւնները իրադարձութիւններու նման զարգացում թոյլ չտալու համար:
Բայց Ռուսաստանի մեր հայրենակիցները իրենց հերթին պէտք է արձանագրեն, որ պէտք չէ տրուիլ սադրանքներուն եւ որ Ռուսաստանը ապակայունացնելու մէջ շահագրգիռ են այն երրորդ ուժերը, որոնք ծաւալապաշտական-հակահայկական նկրտումներ ունին Հարաւային Կովկասի մէջ: Թոյլ չենք տար»,- գրած է ՀՀ վարչապետը: