Անցնող օրերուն իսրայէլեան մամուլի ամենաթէժ քննարկումը Մոսկուայի կողմէ դէպի Միջին Արեւելք ռուսական արդիական զէնքերու առաքումն է:
Անցնող ապրիլին Իսրայէլի վարչապետ Բէնիամին Նաթանիահու կը ժամանէր Մոսկուա եւ հանդիպում կ'ունենար Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին հետ: Նոյնիսկ Գրէմլինի վկայակոչութեամբ երկու կողմերու քննարկման գլխաւոր առանցքը Միջին Արեւելեան ապահովական թղթածրարն էր: Նոյնիսկ ռուսական աղբիւրները դրական նշաններ կ'ուղղարկէին այդ հանդիպումին մասին նշելով, որ երկու ղեկավարները գրեթէ համաձայն են սեղանին դրուած ապահովական թղթածրարներուն վերաբերեալ:
Խօսելով, Իսրայէլի «ապահովական մտահոգութիւն» դրուածքին մասին պէտք է նշել, որ Թէլ Աւիւի համար հիմնական մտավախութիւնը Սուրիայէն, դէպի Լիբանան «արդիական զէնքեր» փոխադրելու խնդիրն է: Անշուշտ հարցը «Հէզբոլլահ»ին կը վերաբերի, որուն զինուորական պաշարները (ըլլայ այն ռուսական, կամ իրանեան զէնքեր) իրեն կը հասնին Սուրիոյ ցամաքային ճանապարհով:
Այս առումով պէտք է անպայման նշել, որ «Հէզբոլլահ»ին ուղղուած զէնքերը պարտադիր ալ չէ, որ ըլլան ուղղակիօրէն Ռուսաստանէն կամ Իրանէն ուղղակի բերուած զէնքեր, այլ այդ զէնքերու համալրումը յաճախ կը կատարուի օգտուելով սուրիական բանակի պահեստներէն:
Այս բոլորէն ետք, թէ ի՞նչու իսրայէլեան գետնին վրայ «լուրջ մտահոգութիւններ» կան ռուսական զէնքերու նոր կուտակումներով, բացատրեմ:
Նախ օրերս եւրոպական ջուրերը հատող ռուսաստանեան մարտանաւերը աննախընթաց իրավիճակ մը պիտի ստեղծեն շրջանին համար:
Սուրիոյ համար ստեղծուած եւ Գրէմլի անմիջական միջամտութեաամբ գործող զինուորական յատուկ գրասենեակը, որոշեց Սուրիա առաքել ռուսական բանակի ծովային ամենահզօր մարտանեւերը:
Խօսքը օդանաւակիր ՝ ««Ատմիրալ Քուզնեցով»ի (յիսուն օդանաւ փոխադրելու կարողութիւն ունի) «Մեծն Պետրոս» կորիզային մարտանաւի եւ ծովային պաշտպանութեան մարտանաւեր «Սէվիրոմորսք»ի ու «Ատմիրալ Քովլաքով»ի մասին է:
Այս ուժերուն յատկապէս այս հանգրուանին դէպի Սուրիա ուղղուիլը, ոչ միայն ռազմական այլ նաեւ քաղաքական պատգամներ ունի:
Ըստ «Հաարէթց» պարբերականի վերլուծաբան Ամուս Արիյէլին ռուսական այս քայլը կը խանգարէ Իսրայէլի «ապահովական» բոլոր բլանները: Արիյէլ մանրամասն տեղեկութիւններ տալով կը գրէ, թէ 1982 թուականէն ետք, երբ Իսրայէլ յաջողեցաւ Լիբանանի Պեքաայի բարձունքներուն վրայ եղած ռուսական «Սէմ» տիպի հրթիռներու համակարգը ոչնչացնել, իսրայէլեան բանակը բոլոր իմաստներով դարձաւ առաջատար ամբողջ շրջանին մէջ: Սակայն այս զէնքերու «երեւումով» ու անկէ առաջ ալ սուրիական «Թարթուս» ծովեզերեայ քաղաքին մէջ S-300 եւ աւելի ուշ S-400 հրթիռային համակարգի տեղադրումով «խաղը» կտրականապէս պիտի փոխուի:
Նոյն վերլուծաբանը մանրամասնօրէն ներկայացնելով ռուսական զէնքերուն ունակութիւնները կը բացատրէ, որ շնորհիւ մասնաւորապէս «Ատմիրալ Քուզնէցով» օդանաւակիրին Մոսկուա կարողութիւն ունի «իր տնօրինման տակ» առնել Սուրիա- Իսրայէլ օդայինն ամբողջ տարածքը եւ իր «ռատարներով» խանգարել իսրաէլեան օդուժի օդային ցանկացած ծրագիր:
Այս յարաբերակցութեամբ է, որ Իսրայէլեան օդուժը յետ այսու պիտի անցնի «որոշ կապանքներ»ու տակ եւ անոր շարժումները պիտի կաշկանդուին:
Յիշեցման կարգով պէտք է նշել, որ Սուրիոյ պատերազմին թէժացումէն ի վեր Իսրայէլ բազմաթիւ անգամներ օդային հարուածներ կատարելով յաջողած է ոչնչացնել, Թէլլ Աւիւի ըսելով, դէպի Լիբանան ուղուող սուրիական զինուորական շարասիւնները, որոնք բնականաբար կ'ուղղուէին «Հէզբոլլահ»ին:
Այդ ռազմական հարուածներէն զատ, նոյն իսրայէլեան բանակը եւ բանալով Իսրայէլ- «Հէզբոլլահ» «հաշիւի տետրակ»ը անցեալ տարուն յունուարին օդային գրոհով մը յաջողած է սպաննել շիիթ կազմակերպութեան ապահովական գլխաւոր ղեկավար Իմատ Մուղնիյէի (սպաննուած փետրուար 2008-ին Դամասկոսի մէջ) որդին ՝Ժիհատ Մուղնիյէն, դէպքի վայրին մէջ «հաշուեյարդար» կատարելով իրանցի զինուորական մի քանի պատասխանատուներու դէմ:
Ուրեմն օգտուելով ընդհանուր իրավիճակներէն Թէլ Աւիւ փորձած է ամէն գնով կատարել իր շահերուն համահունչ քայլեր եւ այդպիսով թիրախ դարձնել «Հէզբոլլահ»ն ու Սուրիոյ մէջ եղող իրանեան ուժերը:
Բայց այսօր իրավիճակը այլ է: Այսինքն Թէլ Աւիւ պիտի չկարողանայ իր «խաղը խաղալ» եւ անոր կողմէ, Մոսկուայի համար «տհաճ արարք» համարուող, որեւէ քայլ արագօրէն պիտի զսպուի եւ նոյնիսկ պիտի վնասէ իսրայէլեան բանակի, առանց ատոր ալ արդէն բաւական «վիրաւոր» վիճակի մը մէջ գտնուող վարկին:
Սուրիոյ տագնապին մօտէն հետեւողներու շատերուն համար պատերազմը կրնայ սաստկանալ մասնաւորապէս յառաջիկայ 7 նոյեմբերին կայացուելիք ԱՄՆ-ի նախագահական ընտրութիւններէն ետք: Ու գալիք այս նոր իրադրութեան դիմաց Մոսկուա պատրաստ է ամէն գնով պաշտպանել, իր շահերը:
Գաղտնիք ալ չէ, որ սուրիական պատերազմի ներկայ փուլը «ժամանակ անցընելու» փուլ մըն է:
Նախ անհնար է, որ հակամարտութեան կողմերը (նոյնիսկ եթէ Լոզանի մէջ ժողովներ գումարեն) յաջողին «մշտական խաղաղութեան» վաւերաթուղթ մը կազմել, յետոյ նաեւ յստակ է, որ ուղղակի կամ անուղղակի ձեւով Ուաշինկթընի աջակցութիւնը վայելող «ըննդիմադիր» ուժեր պիտի չստորագրեն այդ վաւերաթուղթին տակ:
Այսինքն խաղաղութեան համար եղած ցանկացած ծրագրաւորում կրնայ շատ արագ կերպով տապալիլ, որովհետեւ գետնի վրայ «խօսք ունեցող» ուժերուն կարեւոր մէկ տոկոսը չի մասնակցիր այդ բանակցութիւններուն:
Մոսկուա շատ լաւ գիտէ այս բոլորը, ու գիտէ նաեւ որ Հալէպի ճակատամարտին մէջ յառաջխաղացք կամ յաղթանակ տանելու ընտրանքները «կարմիր գիծ» են Ուաշինկթընի համար:
Եթէ Մոսկուա յաջողի զինուորական ուժով գրաւել Հալէպի արեւելըան հատուածները, ապա ինչ պիտի ըլլայ ատոր փոխարէն անոր «վճարելիք գին»ը Արեւմուտքին:
Ուրեմն այս բոլորին առընթեր յստակ է նաեւ, որ Հալէպի կացութիւնը կրնայ աւելի վատթարանալ եւ «ներքին կարգով» «Ալ նուսրա» ջոկատին յանձնուած զէնքերը կրնան շատ արագօրէն «ընդդիմադիր» ջոկատներուն համար, նոր տինամիզմ մը ստեղծել: Բայց այդ չի նշանակեր, որ անոնք պիտի յաջողին Հալէպի մէջ կարեւոր ձեռքբերումներու երթալ, տրուած ըլլալով, որ յատկապէս Հալէպի պարգային կան ճշդուած եւ անխախտ «կարմիր գիծեր»:
Մինչ «ընդդիմադիր» շրջանականեր կը հաւաստեն, որ իրենց համար Հալէպ մուտք գործելը, խաղ ու պար յստակ է նաեւ, որ սուրիական ուժերուն համար ալ դէպի արեւելեան շրջաններ «արշաւել»ը դարձած է «անկարելի- կարելիութիւն» մը:
Ուրեմն Հալէպը դարձած է ընդհանուր հաւասակշռութիւններու հատման կէտ եւ այդ վիճակին խախտումը կրնայ անսպասելի նոր բարդութիւններու տանիլ, ոչ միայն շրջանը այլ ամբողջ աշխարհը:
Վերադառնալով Իսրայէլին յստակ է նաեւ, որ տարածաշրջանին մէջ տիրող ընդհանուր այս դրոյթներէն օգտուելով Իսրայէլ պիտի ուզէ պահպանել իր անվտանգութիւնը: Ու յաճախ այդ անվտանգութեան պատրուակով հարուածներ հասցընել իր հիւսիսային սահմաններուն մեծագոյն սպառնալիք համարուող՝ շիիթ «Հէզբոլլահ»ին:
Սակայն այսօր իրավիճակը ամբողջութեամբ փոխուած է ու ռուսական ծովուժին ամէնէն ծանրակշիռ մարտանաւերուն շրջան հասնելէն ետք շրջանային ամբողջ «խաղ»ը պիտի անցնի ռուսական ուժերու տիրապետութեան տակ:
Ու այս նոր կացութեան առջեւ յստակ է նաեւ, որ վարչապետ Նաթանիահու բաւական անհանգիստ հայացքով կը հետեւի Ամերիկայի ընտրութիւններուն:
Կան խաղի նոր կանոններ ու այդ նոր կանոններուն համաձայն Իսրայէլ ստիպուած է վերատեսութեան ենթարկել անցնող տարիներուն կարծրատիպի վերածուած «Իսրայէլ կը պահէ իր ուժն ու հզօրութիւնը շնորհիւ պատերազմներու» մօտեցումը:
Նախ անոր համար, որ Թէլ Աւիւի դէմ կռուող «Հէզբոլլահ»ը, կամ նոյնիսկ «Ապտալլա ազզամ» ջոկատը երէկուան «միամիտ» ու «դասական» մեթոտներով կռուող պետական բանակները չեն եւ երկրորդ, անոր համար, որ վերադասաւորումներու ու յատկապէս դէպի «տաք ջուրեր» Ռուսաստանի բացայայտ վերադարձով կան նոր մօտեցումներ ու մտահոգութիւններ: Այս հանգրուանին ալ Ռուսաստանի համար անընդունելի է, որեւէ կողմնակի կռիւներ ու ատոր համար է նաեւ, որ ոչ միայն Հալէպի օդային տարածքը, այլ ամբողջ Միջին Արեւելեան գօտին յայտնուած է ռուսական ուժի տիրապետութեան տակ:
Նաթանիահու լաւ կը հասկնայ, որ այս հանգրուանը Սուրիոյ տագնապի լուծման հանգրուանն է ու կը հասկնայ նաեւ, որ ամիսներ առաջ Իսրայէլի փայփայած Սուրիան բաժնուած տեսնելու անոր երազանքը սկսած է դանդաղօրէն վերանալ:
Թէ, ինչ ընթացք կ'ունենան Թէլ Աւիւ-Մոսկուա յարաբերութիւնները ցարդ պարզ չէ, յստակ է միայն, որ Թէլ Աւիւ կարիքն ունի վերատեսութեան ենթարկել , շրջանին համար, իր արդէն իսկ բաւական հինցած ռազմավարութիւնը:
Սագօ Արեան
«Ժամանակ» / Պոլիս