Աթաթուրքի արձանը տեղադրուած է թրքական Էսկիշէհիր շրջանի Սիւրիհիսար քաղաքի հայկական Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ բակին մէջ: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ թրքական «Հապէրլար» կայքը: Աղբիւրը նաեւ կը գրէ, որ ծրագիրը սկիզբ առած է 2011-ի թուականին` Թուրքիոյ այդ օրերու մշակոյթի նախարար ՝ Էրթուղրուլ Կիւնայի նախաձեռնութեամբ: Աթաթուրքի արձանին կողքին տեղադրուած են նաեւ Եաշար Քէմալի, Տէրվիշ Կիւլպապայի, Քիազիմ Քարապէքիրի եւ այլոց արձանները: Նշենք, որ Սիւրիհիսար գիւղը յայտնի բանաստեղծ Մուշեղ Իշխանի ծննդավայրն է:
