image
Հրատապ լուրեր:

Աշխարհահռչակ հայ խմբավարի համերգը` «Քազինօ Տիւ Լիպանի» մէջ

Աշխարհահռչակ հայ խմբավարի համերգը` «Քազինօ Տիւ Լիպանի» մէջ

Դար մը առաջ օսմանցիներ արիւնալի նամակ մը յղեցին հայերուն, այսօր Մելքոնեան կը պատասխանէ անոնց ազնուական նամակով մը` երաժշտական երեկոյթի մը միջոցաւ, ողջունելով իր անմեղ նախնիներու յիշատակը, որոնք բնաջնջուեցան իրենց սեփական հողին վրայ:

Դանիացի Մարիա Եաքոպսընի 1928-ին հիմնադրած «Թռչնոց բոյն» որբանոցի մէջ հասակ առած փոքրիկը Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն գաղթելով Անգլիա` դարձաւ խմբավար եւ երգահան:

Ժաքըպսընին, կամ «Մամա»ին, ինչպէս վարժ էին կոչել զինք բազմաթիւ «որդիները», այն կնոջ, որ ականատես եղաւ ջարդերուն եւ փորձեց փրկել շատեր եւ  վաւերագրական փաստեր հաւաքեց իր որպէս աղբիւր ծառայող գիրքին մէջ, անոր կը նուիրէ Մէլքոնեան այս ողջոյնի երեկոն գլխաւորելով «Պէյրութի սիմֆոնիք նուագախումբը», ընկերակցութեամբ «Լիբանանի Ֆիլհարմոնիայի նուագախումբի»անդամներու  եւ օտար հիւրեու:

Երաժշտական երեկոն, որ այսօր պիտի կայանայ Լիբանանի «Քազինօ Տիւ Լիպանի»ի մէջ, կազմակերպուած է «Պաալպէքի Միջազգային Փառատօն»ի  յանձնախումբի կողմէ, որպէս իր տարեկան ամառնային գործունէութեան օրացոյցին մէջ չնախատեսուած ելոյթ, համագործակցութեամբ  (AGCCCL) Լիբանանի մէջ Հայկական կոտորածներու 100-ամեակի  յիշատակումի կեդրոնական մարմնին հետ: Ծրագիրի կը բաղկանայ երկու մասէն, ուր առաջին մասին մէջ Մելքոնեան կը համատեղէ Պէթհովէնի, (1770-1827), Արամ Խաչատուրեանի (1903-1978) եւ Ռահպանի եղբայներու գործերը: Իսկ երկրորդ մասը կը բաղկանայ  իր ստորագրութեամբ  սիմֆոնիք բանաստեղծութենէ մը, որ կը կրէ «Drake Passage» խորագիրը:

Պէտք է նշել, որ այս աշխատանքը, որ անցած տարի Մելքոնեան արձանագրած էր Լոնտոնի «Թագաւորական ֆիլհարմոնիք նուագախումբի» հետ, վաղը առաջին անգամ ըլլալով աշխարհի հանրութեան պիտի ներկայացուի:

Նախքան այս նախաձեռնութիւնը, Մելքոնեան   որոշած էր Ապրիլ ամսուն Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին եւ ի պատիւ Մարիա Եաքոպսընի, իր դստեր՝ Վերոնիքայի հետ քալելով անցնիլ  իր ծնողներու եւ հարիւր հազարաւոր հայերու անցած ճանապարհէն, որ սկիզբ առած էր Վանէն հասնելով մինչեւ Պէյրութ, փախստականներու քէմփերը, 1000 քմ  հեռաւորութիւն կազմող ճանապարհը, սակայն ապահովական անբարենպաստ պայմանները զինք չարտօնեցին իրականացնել այդ ուխտը: