Ինչպէս ԱՍԱԼԱ-ի միւս մարտիկներու պարագային, այդպէս ալ Սիլվայի` անոր կեանքին եւ մարտական ուղղիին վերաբերուող տեղեկութիւնները, մեծամասամբ գաղտնիացուած են եւ հրապարակման ենթակայ չեն, սակայն շուտով Սիլվա Չիլինկիրեանի ընտանիքի համաձայնութեամբ, կը գաղտնազերծուի եւ ձեռք կը բերուի, ռազմական գաղտնիք չհանդիսացող, անոր անձնական կեանքի եւ կերպարի մասին պատմող որոշակի տեղեկութիւններ, որ կարելի կ'ըլլայ հրապարակել եւ ներկայացնել լայն հանրության: Այս մասին յայտնած է Սիլվա Չիլինկիրեանի եւ անոր ընտանիքին անձնապէս ծանօթ եղող ԱՍԱԼԱ-ի մարտիկ Վազգէն Սիսլեանը, որ վերջերս հիւրընկալուած էր «Չիլինկարեան (Մամիկոնեան) տոհմ» կազմակերպութենէն ներս: Հանդիպման հիմնական թեման հերոսուհի Սիլվա Չիլինկիրեանի (1958-1984թթ.) կերպարը հայ հասարակութեան ներկայացնելու անհրաժեշտութիւնն էր եւ այդ նպատակով Սիլվա Չիլինկիրեանի մասին տեղեկութիւններու հայթայթումը:
Փաստահաւաք աշխատանքերուն իրենց աջակցութեամբ եւ մասնակցութեամբ կը միանան «Չիլինկարեան (Մամիկոնեան) տոհմ» ՀԿ անդամներ, Նարինէ Չիլինկարեանը, Վազգէն Պատալեանը, Կարէն Առաքէլեանը, Նորիկ Սարգիսեանը եւ Արթուր Չիլինկարեանը:

«Չիլինկարեան (Մամիկոնեան) տոհմ» -ը Վազգէն Սիսլեանի հետ ձեռք բերած է համաձայնութիւն, որու համաձայն փաստահաւաք միջոցառումներէն ետք, «Չիլինկարեան (Մամիկոնեան) տոհմ» ՀԿ-ի հետ միասին պիտի մեկնարկուի հերոսուհիի յիշատակը յաւերժացնող միջոցառումներ, ինչպէս նաեւ «Չիլինկարեան (Մամիկոնեան) տոհմ» -ը Վազգէն Սիսլեանի եւ ԱՍԱԼԱ-ի այլ մարտիկներու հետ իր համատեղ աշխատանքները պիտի փորձէ շարունակել նաեւ այլ ոլորտներու մէջ:
Նշենք, որ Վազգէն Սիսլեանը եղած էր պատմական Վան գործողութեան (24.09.1981 Փարիզի թրքական հիւպատոսարանի գրաւման) անձնասպան խումբի հրամանատար: 2016թ.-ին պիտի նշուի ԱՍԱԼԱ-ի «Վան» գործողութեան 35-րդ տարելիցը:
