Երրորդ օրն ըլլալով Արսէլի մարտերը կը շարունակուին: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ լիբանանեան «Էմ. Թի. Վի.» կայանը: Աղբիւրը նաեւ կը փոխանցէ, որ «Հըզպալլա» երեւելի յառաջխաղացք գրանցած է եւ տիրապետած Ֆլիթա շրջանի, ինչպէս նաեւ Արսէլի լեռնային հատուածներուն վաթսուն առ հարիւրին:
Լրատուական տարբեր գործակալութիւններ հաղորդած են,որ Արսէլի բարձունքներուն վրայ գտնուող «Ժապհաթ Ալ Նուսրա» ահաբեկչական խմբաւորումը ունի տասնեակ զոհեր (ըստ կարգ մը աղբիւրներու «Ալ Նըսրա»ի զոհերուն թիւը հասած է 60-ի) , մինչ «Հըզպալլա» զոհերուն թիւը հասած է 15-ի:
Քաղաքական գետնի վրայ «Ալ Քալամուն» շրջանի կարգ մը անձնաւորութիւններ երէկ կէս գիշերին բարձրացած են Արսէլի լեռնային հատուածներ միջնորդութիւն կատարելու նպատակով, սակայն անոնգ ջանքերը մնացած են ապարդիւն:
Սուրիոյ «Ազատ բանակ» խմբաւորման մէկ աղբիւրը յայտարարած միակողմանի կրակմարի մասին, սակայն մարտերը կը շարունակուին, որովհետեւ «Արսէլ»ի մէջ տեղակայուած գլխաւոր ուժը ՝ «Ժապհաթ Ալ Նուսրա»ն է, որուն առաջնորդը ՝ Ապու Մալէք Ալ Թալլի յայտարարած է, թէ իրենք մինչեւ վերջ պիտի շարունակեն մարտերը:
Նշենք, որ Անգարա այսօր յայտարարեց, որ իրենց համար անընդունելի է, որ Ապու Մալլէք Ալ Թալլին, որպէս ապաստանեալ Թուրքիա մուտք գործէ:
Յիշեցնենք, որ «Հըզպալլա»ի առաջնորդ Սէյիտ Հասան Նասրալլա, Արսէլի ճակատամարտէն շաբաթ մը առաջ պատկերասփռուած ելոյթով մը ըսած էր, որ հասած է կողմշնորոշման հանգրուանը ու զինեալները յայտնուած են կարեւոր ընտրանքներու առջեւ եւ անոնք, կամ պէտք անձնատուր ըլլան կամ ալ հեռանան այդ շրջաններէն: