Դեկտեմբեր 11-ին` ժամը մօտ 19:30-ին, Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկու պահպանութեան տեղամասին մէջ ծառայակիցին կողմէ արձակուած կրակոցէն մահացած է ՊԲ զինծառայող, 1996-ի ծնունդ Նարեկ Մարզպետունի Ադիբեկեանը:
Նարեկը Ռուսիոյ Փյաթիկորսք քաղաքէն էր, ան իր ընտանիքին հետ կը բնակէր այնտեղ: NEWS.am-ի հետ զրույցի ընթացքին Նարեկի ընկերները նշած են, որ Ռուսիոյ մէջ ծառայութիւնը աւարտելէ ետք ան վերադարձած է Հայաստան եւ այստեղ զորակոչած են բանակ եւ ծառայութեան տարած Արցախ: Ան Հայաստան եկած էր ուսանելու նպատակով, ան Երեւանի պետական համալսարանի Տնտեսագիտութեան եւ կառավարման բաժանմունքի ուսանող էր:
ԱՀ ՊՆ մամուլի ծառայութեան փոխանցմամբ` դէպքի մանրամասները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ մահացած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: