Մահացած է յայտնի հաղորդավար Գէորգ Եղիազարեանը։
Այս մասին իմացանք Լոս Անճելըսի մէջ գործող «Հորիզոն» կայանի դիմատետրի էջէն։
Ըստ համացանցով տարածուած լուրերուն Եղիազարեան մահացած է սրտի սուր տագնապի հետեւանքով։
Հայաստանի «Արմէնիա» կայանին մէջ իր ասպարէզը սկսած Եղիազարեան վերջին տարիներուն հաստատուած էր Միացեալ Նահանգներ, ուր կը համագործակցէր մասնաւորապէս Լոս Անճելըսէն սփռուող կայաններուն հետ։
Բարի համբաւի տիրացած եւ մասնագիտական շրջանակներուն յարգանքը վայելող Եղիազարեանի վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը պիտի կատարուի Հայաստանի մէջ։