image

Մահացած է Գրիգոր Սեմերճեանը. Ան արմատներով Ուրֆայէն էր

Մահացած է Գրիգոր Սեմերճեանը. Ան արմատներով Ուրֆայէն էր

Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Գրիգոր Սեմերէճեանը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի հարազատներէն։

 

Գրիգոր կը պատկանի այն սերունդին, որուն նախնիները անցած են ծանր Եղեռնի դժուարին ճանապարհով։

 Մասնաւորապէս հայրը ՝ Ստեփանը ոտաբոպիկ  եւ ծանր պայմաններու տակ եւ աքսորի գեհէնէն անցնելով հասած էր Հալէպ ու անկէ անցած՝ Պէյրութ։

Պուրճ Համուտի մէջ  Գրիգոր կը բանայ իր աչքերը։

Որբութեան եւ դժուարութիւններու բոլոր դառնութիւնները  ապրելով ու դժուար տանելով իր հօր երկրորդ ամուսնութիւնը,  Գրիգոր կը հեռանայ հայրական տունէն՝ իր խնամքին տակ առնելով  իրենց ընտանիքի միւս չորս անդամները։

17 տարեկանին ան կը նետուէր կեանքի ասպարէզ, ու 24 տարեկանին Էլմոն Թաշճեանին հետ կը կազմէր իրենց ընտանեկան բոյնը՝ ունենալով երկու զաւակներ՝ Ռաֆֆի եւ Մարիռէյն։

Այդ փուլէն ետք իր ամբողջական նուիրումով Գրիգոր Սեմերճեան իր լաւագոյնն կ՚ընէր՝  բարձրագոյն կրթութիւն եւ ազգային գիտակցութիւն աւանդելով իր զաւակներուն։

Հպարտ հայ եղած Գրիգոր Սեմերճեանը ապրեցաւ Հայաստանի  ու մեր ժողովուրդի մեծ նուաճումներով ու մինչեւ կեանքի վերջին շունչը անոր համար էական մնացին նորահաս սերունդի դաստիարկութեան ու կրթութեան ու մասնաւորապէս իր թոռներուն յաջողութեան հարցը։

 

Յիշեցնենք, որ Գրիգոր Սեմերճեան հայրն է երկար ժամանակէ ի վեր Հայաստան հաստատուած լիբանանահայ, ակադեմական գործիչ եւ նախաձեռնող՝ Ռաֆֆի Սեմերճեանին։

 

Այս տխուր առթիւ մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յղենք համայն Սեմերճեան ընտանիքին եւ մասնաւորապէս անոր որդւոյն Տիար Ռաֆֆի Սեմերճեանին։