image
Հրատապ լուրեր:

Արցախի մէջ. «Քորոնա»ի 9 նոր պարագայ եւ առաջին մահուան դէպք

Արցախի մէջ. «Քորոնա»ի 9 նոր պարագայ եւ առաջին մահուան դէպք

ԱՀ առողջապահութեան նախարարութեան տրամադրած տեղեկատուութեան համաձայն՝ Արցախի մէջ նոր «Քորոնա» ժահրային վարակը (COVID-19) հաստատուած է 9 քաղաքացիի մօտ: Այս մասին յայտնած է Արցախի տեղեկատուական շտապը։

«Վարակակիրներէն 6-ը Ասկերանի շրջանի Այգեստան համայնքէն են, ուր պարէտի որոշմամբ կը կիրառուին ելքի եւ մուտքի սահմանափակումներ: 1 դէպք հաստատուած է Մարտունի քաղաքի բնակչի մօտ՝ հսկիչ անցագրային կէտին մօտ կատարուած ՊՇՌ հետազօտութեան շնորհիւ: Քաղաքացին վերադարձած էր ՀՀ-էն, ինքնամեկուսացած էր, իսկ այսօրուընէ՝ մեկուսացուած:

Մէկական դէպք ալ հաստատուած է Ստեփանակերտի եւ Մարտակերտի հաստատուած օճախներու հետ շփուածներու մօտ:

Դժբախտաբար, 90-ամեայ կին մահացած է, որուն մօտ հաստատուած է «Քորոնա» վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով:

Ունինք առողջացման 1 դէպք:

«Քորոնա» ժահրով հիւանդ 5 քաղաքացիի առողջական վիճակը գնահատուած է ծանր, 10-ինը՝ միջին ծանրութեան:

Առայսօր, COVID-19-ը ախտորոշուած է 212 մարդու մօտ, որմէ 149-ը յաղթահարած է հիւանդութիւնը: Փաստացի բուժում կը ստանայ 63, ընդհանուր մեկուսացուած է 125 քաղաքացի»,- ըսուած է շտապի ֆեյսպուքեան էջին տեղադրուած գրառման մէջ։