11 մայիսին ժամը 19:30-էն սկսեալ հակառակորդը խախտած է կրակի դադարեցման մասին կողմերու միջեւ ձեռքբերուած պայմանաւորուածութիւնը՝ օգտագործելով տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներ, նռնականետեր եւ ականանետեր, որ շարունակուած է մինչեւ 12 մայիսի լոյս գիշերը:
Հակառակորդի կրակոցներու հետեւանքով, ՊԲ հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զորամասի պահպանութեան տեղամասերէն մէկուն մէջ մահացու վիրաւորանք ստացած է 1996-ի ծնունդ զինծառայող՝ Արմէն Հրայրի Մարտիրոսեանը: Դէպքի մանրամասնութիւնները պարզելու համար քննութիւն պիտի կատարուին:
ՊԲ առաջապահ զօրամասերի կողմէ ձեռնարկուած պատասխան գործողութիւններու արդիւնքով` հակառակորդի աշխուժութիւնը ճնշուած է: