Պատերազմը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ծրագրուած էր սկսելէն դեռ շատ առաջ՝ Անգարայի ամենաաշխոյժ մասնակցութեամբ, որ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան պէտք է հասկնալի ըլլար արդէն ամռան, երբ թրքական ռազմական պատուիրակութիւնները սկսան պարբերաբար այցելել Պաքու, գրած է Репортер-ը՝ աւելցնելով, որ ռազմական սարքերու համագործակցութեան նման աշխոյժութիւն Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ այս դարուն դեռ չէր եղած:
Աղբիւրի հաղորդմամբ՝ դեռ օգոստոսին Պաքու ժամանած գլխաւոր պատուիրակութիւնը կը ղեկավարէր Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարը, որ տեւական հանդիպում ունեցած է Ալիեւի հետ։ Այս պարագային հարց կը ծագի՝ ո՞ւր կը նայէին հայկական յատուկ ծառայութիւնները։
Ինչպէս կը գրէ աղբիւրը, այդ այցերու հետեւանքով կնքուեցաւ «Պայրաքտար» հետախուզական-հարուածային անօդաչու սարքերու մեծ խմբաքանակի մատակարարման պայմանագիր, որ յայտնի էր հայերուն։ Բացի այդ, անոնց յայտնի էր նաեւ, որ Պաքուի մէջ եղած է թրքական բանակի բարձրաստիճան սպայ, զօրավար-մայոր Հեքսել Քահիան, որ անօդաչուներու կիրառմամբ գործողութիւններու մեծ մասնագէտ է։ Ան կազմակերպած է Լիպիոյ մէջ թրքական անօդաչու թռչող սարքերու կառավարման կեդրոնի ստեղծումն ու հիմնական անոր շնորհիւ էր, որ դադրեցաւ մարշալ Հաֆթարի յարձակումը Թրիփոլիի վրայ։
Այս երկու փաստը, ինչպէս գրած է պարբերականը, միայն կոյրը կրնար չտեսնել, սակայն հայերը էյֆորիայի մէջ էին, այն բանէն ետք, երբ ամռան Հայաստանի Տաւուշ մարզի սահմանին տեղի ունեցած հնգօրեայ զինուած բախման ժամանակ յաջողեցաւ խոցել իսրայէլեան արտադրութեան տասը անօդաչու եւ ստանալ հասանելիութիւն եւս երեքին։ Ընդամէնը 2,5 ամիս անց տեղի ունեցաւ դաժան սթափեցումը։