Պոլսոյ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շնորհաւորական ուղերձ մը յղած է Ահմատ Տաւութօղլուին: Այս մասին կը տեղեկանանք Պոլսոյ մեր պաշտօնակից «Ժամանակ»էն: Թերթը նաեւ կը հաղորդէ, որ Տ. Արամ Սրբազան յանուն պոլսահայ համայնքին շնորհաւորած է Տաւութօղլուն Թուրքիոյ հանրապետութեան 64-րդ կառավարութեան կազմութեան առթիւ: