image

Առաջին օրուան մարտերէն ետք Լիբանանեան բանակը կործանած է «Տահէշ»ի 11 կեդրոններ

Առաջին օրուան մարտերէն ետք Լիբանանեան բանակը կործանած է «Տահէշ»ի 11 կեդրոններ

 Առաջին օրուան զինուորական գործողութիւններէն ետք լիբանանեան բանակը յաջողած է ծանր հարուած տալ «Տահէշ» ահաբեկչկան խմբաւորման: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ լիբանանեան «Էլ. Պի. Սի. Այ.» կայանը, հաղորդելով, որ անցնող քսանչորս ժամերուն բանակը հիմնովին կործանած է Ռաս Պաալպէք շրջանի լեռնային հատուածներուն մէջ  եղող «Տահէշ»ի 11 դիրքեր:

 

 Իր կարգին բանակի բանբեր մը ըսած է, որ բանակը յաջողած է Տահէշի լուծէն ազատագրել 30 քառ. քլմ. Տարածութիւն: Իր կարգին «Սքայ նյուզ» կը  փոխանցնէ, որ «Տահէշ» իր տիրապետութեան տակ ունի շուրջ 145 քառ. քլմ. տարածութիւն մը, նկատել տալով նաեւ, որ ռազմական գործողութիւնները, եթէ այս հունով ընթանան ապա «Տահէշ»ի ընդհանուր փլուզումը կը համարուի օրերու հարց: