image

Քրտամէտ HDP-ի կեդրոնները յարձակման թիրախ

Քրտամէտ HDP-ի կեդրոնները յարձակման թիրախ

Անգարայի մէջ քրտամէտ Ժողովուրդներու Դեմոկրատական  կուսակցութեան  (HDP) գրասենեակները յարձակման ենթարկուած են անյայտ անձանց կողմէ, ոստիկանութիւնը չէ կարողացած պատշաճ միջոցներ ձեռնարկել, գրած է Ahvalnews-ը:

Հսկողութեան տեսախցիկներու տեսանիւթերը, որոնք տեղադրուած են ընկերային ցանցերով, ցոյց տուած են, որ կէսգիշերին մօտ երեք անյայտ անձինք բազմիցս քարեր նետած են Անկարայի ԴԺԿ-ի գրասենեակին վրայ: Ոստիկանութիւնը չէ կարողացած պատշաճ կերպով միջամտել, նշուած է կուսակցութեան յայտարարութեան մէջ:

ԴԺԿ-ի ներկայացուցիչները վստահ են, որ միջադէպի մեղաւորը Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար՝ Սուլէյման Սոյլուի վերջին հրահրիչ մեկնաբանութիւններն են:

Նշենք, որ Սոյլուն հինգշաբթի օր յայտարարած էր, որ կազմակերպուած յանցաւորութեան հետ իր կապին վերաբերող մեղադրանքները քաղաքական զրպարտութիւն են, որոնք տարածուած են ԴԺԿ-ի եւ Թուրքիոյ մէջ արգիլուած՝ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան կողմէ: