image

Անժելինա Ժոլի այցելած է «Ալ Զահթարի» գաղթակայան

Անժելինա Ժոլի այցելած է «Ալ Զահթարի» գաղթակայան

Բարի կամքի դեսպան, համաշխարհային դերասանուհի Անժելինա Ժոլի անցնող կիրակի օր Յորդանանի մէջ սուրիացի փախստականներու «Ալ Զաաթարի» գաղթակայանը այցելած է: Այս մասին կը յայտնէ «Lebanon 24» լրատուական կայքը:

Այցելութեան ընթացքին ժոլի կոչ ուղղած է Անվտանգութեան միջազգային խորհուրդին միջամտելու եւ Սուրիոյ պատերազմին վերջ տալու, միաժամանակ իր մեծ սէրը յայտնելով փախստականներուն նկատմամբ:

«Կոչ կ'ուղղեմ Անվտանգութեան միջազգային խորհուրդի անդամներուն, որ այստեղ գան, գաղթակայաններն ու փախստականներուն այցելեն, միջոցներ ձեռնարկեն ամբողջական պատասխանատուութիւնը ՄԱԿ-ի եւ միջազգային հասարակութեան վրայ բարդելու, որպէսզի ճգնաժամին լուծում գտնեն»,- յայտարարած է դերասանուհին:

Ան շեշտած է նաեւ, թէ Սուրիոյ ճգնաժամն իր 8-րդ տարին թեւակոխած է, եւ ցաւալի է, որ տակաւին այս աստիճանի թշուառութիւն կը տիրէ գաղթակայաններուն մէջ: