ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ մշտական ներկայացուցիչ Պաշար Ճաֆարի, ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի նիստին իր ամերիկացի դիւանագէտ գործընկերներուն ակնարկելով ըսած է, որ անոնք սարսափ կ'ապրին, երբ իրենց կարծիքին հակառակ կարծիք մը կը լսեն: Այս մասին կը գրէ «Ալ-Տիար», յիշեցնելով որ անվտանգութեան խորհուրդի նիստին Ճաֆարիի ելոյթի ժամանակ ամերիկացի դիւանագէտները դուրս եկած էին դահլիճէն:
«Ես իմ թանկարժէք ժամանակէս կու տամ դահլիճէն դուրս գալ փափաքող իմ գործընկերներուս» - ըսած է Ճաֆարին իր ելոյթի ժամանակ, աւելցնելով, որ «Կը հասկնամ, որ անոնք կը վախնան փաստարկներու հիման վրայ վիճաբանելէն եւ սարսափ կ'ապրին, երբ իրենց կարծիքին հակառակ կարծիք կը հնչէ»:
Նշենք, որ Ճաֆարիի այս մեկնաբանութիւնը եղած էր ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի մօտ ԱՄՆ մշտական պատուիրակ Նիքի Հէյլիի եւ միւս ամերիկացի դիւանագէտներու նիստէն քաշուելու առթիւ, ուր կը քննարկուէր Տումայի վրայ եղած քիմիական յարձակման հարցը: