image
Հրատապ լուրեր:

Անոնց համար անծանօթ, խոշտանգուած ժողովուրդի մը հետ հանդիպումը ճակատագրական եղաւ. Մանուէլ Սարիբէկեան

Անոնց համար  անծանօթ, խոշտանգուած ժողովուրդի մը  հետ հանդիպումը ճակատագրական եղաւ. Մանուէլ Սարիբէկեան

«Արարատ» օրաթերթի հարցազրոյցը` «Փրկութեան Քարտէզ» ֆիլմի մտայղացման հեղինակ եւ արտադրող` Մանուէլ Սարիբէկեանի հետ

 

Նախաձեռնութեամբ Հայկազեան համալսարանի, վերջերս Լիբանան կը գտնուի հայրենի արուեստագէտ«ֆիլմերու արտադրիչ` Պրն. Մանուէլ Սարիբեկեանը, զոր հաճոյքն ունեցանք ընդունելու «Արարատ»-ի խմբագրատան մէջ եւ կատարեցինք հետեւեալ հարցազրոյցը  «Փրկութեան Քարտէզ» ֆիլմին մասին:

 

-Ի՞նչպէս որոշեցիք այս ֆիլմը արտադրել եւ կը խնդրենք նկարագրութիւններ փոխանցել ֆիլմին մասին:

-Առաջին հերթին կ՛ուզեմ նշել, թէ այս ֆիլմը նուիրւած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին:

Ան կը պատմէ 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբի համամարդկային ողբերգութիւններու, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ յառաջացած մարդկային բարեսիրական շարժման մասին: Ֆիլմը փաստագրութիւն է եւ կառուցուած է միայն իսկական փաստերու հիման վրայ:

Ֆիլմի հերոսները պատմութեան յայտնի հումանիստներն են, իրական մարդիկ, ովքեր տեսած են հայ ժողովուրդի կոտորածները: Անոնք եւրոպացի հինգ մարդասէր  կանայք են` Քարէն Եփփէ (Դանիա), միսիոնարուհիներ` Մարիա Ժակոպսըն (Դանիա), Պոդիլ Պորն (Նորվեկիա), Ալմա Եոհանսըն (Շուէտ), Հէտվիգ Պուլ (Էսթոնիա): Անոնք Հայոց Ցեղասպանութեան ականատեսներն են եւ մազապուրծ եղած հայ երեխաներու ու կանանց ապաստաններու հիմնադիրները: Անոնց համար  անծանօթ, խոշտանգուած ժողովուրդի մը  հետ հանդիպումը ճակատագրական եղաւ:

Ֆիլմը նուիրուած է մեծ  մարդասէրներու  յիշատակին` որպէս երախտագիտութեան տուրք համայն հայութեան եւ մարդասիրական դրսեւորման վեհ արժէքները գնահատող բոլոր մարդկանց անունով:

 

-Ո՞ւր նկարահանուած է ֆիլմը եւ որո՞նք են անոր ստեղծագործական  խումբի  անդամները :

-Ֆիլմը նկարահանուած է Նորվեկիա, Շուէտ, Դանիա, Էսթոնիա, Գերմանիա, Լիբանան, Յունաստան, Արեւմտեան Հայաստան, Սուրիա, Թուրքիա եւ Հայաստան: Աւարտած է 2015-ին: Ցուցադրուած է գրեթէ աշխարհի բոլոր գաղութներուն մէջ Ամերիկա, Եւրոպա եւ Միջին Արեւելք:

Գալով ֆիլմի ստեղծագործական կազմին, մտայղացման հեղինակը եւ արտադրողը ես եմ, ֆիլմը պատմողը, վարողը Սվանտէ Լունտգրենն է« որ Ֆինլանտացի է, կրօնագէտ եւ ցեղասպանագէտ է: Սենարիօն գրած է Աննա Սարգիսեանը (Հայաստան), երաժշտութիւնը Վիգ Ցարտման (Աւստրիա), հնչիւնային ռեժիսոր Յարութիւն Մանկասարեան (Հայաստան) եւ ռեժիսոր` Արամ Շահպազեան (Հայաստան):

 

- Նշած էք նոր վաւերագրութիւններու բացայայտում, ո՞ր արխիւներէն օգտուած էք:

-Պատասխանատու աշխատանքի կը կարօտէր այդ վաւերագրութիւններու բացայայտումը,  հետեւաբար օգտուեցանք զանազան արխիւներէ, որոնք են Դանիոյ ազգային արխիւէն, թագաւորական գրադարանէն, պետական գրադարանէն, տեղական արխիւներէն, Գերմանիոյ մէջ Մալխէի միսիոնարական նախկին դպրոցի արխիւներէն, Նորվեկիոյ մէջ պետական արխիւէն եւ պետական գրադարանէն, Շուէտի մէջ թագաւորական եւ պետական գրադարաններէն,ազգային արխիւէն, Էսթոնիայի ազգային արխիւէն, Յունաստանի Թեսաղոնիկէի թաղական խորհուրդի արխիւէն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի արխիւէն, Ժըպէյլի    «Թռչնոց Բոյն»-ի արխիւէն ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային ակադեմիայի պատմութեան ինստիտուտէն:

Առաջին հերթին ֆիլմը որոշեցի արտադրել 18 հոգիներու մասին, սակայն ժամանակի եւ նիւթական պայմաններու դժուարութեան պատճառաւ հնարաւոր չեղաւ իրագործել, այդպէս որ այն երախտաւորները որոնք չեն յիշուած ֆիլմին մէջ, որոնք յայտնի անուններ են նաեւ, պիտի փորձենք զայն իրականացնել պատրաստելով յատուկ հեռատեսիլի համար TV versia իւրաքանչիւրը 26/34 վայրկեաններու սահմանին մէջ, որ արդէն բաւականաչափ նկարահանուած է եւ մնացած է ընդամէնը միայն 30 տոկոս:

 

-Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրւած այս ֆիլմը ի՞նչ պատգամ կը փոխանցէ հայ ժողովուրդին:

-Այս ֆիլմի մէջ իրենք ականատեսներն են,  որ պիտի խօսին Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Անոնք որբանոցներ եւ ապաստաններ ստեղծած են, օրագրեր պահած են եւ  յստակօրէն կը շեշտեն, թէ այդ եղած է թուրք կառավարութեան կողմէ շեշտուած ցեղասպանութիւն:

Ֆիլմը երախտագիտութիւն է այդ երախտաւորներուն, ովքեր  իրենց պատմութիւնը ներկայացնելով ներկայացուցած են նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը:

Մեր ֆիլմի հերոսուհիները մարդասիրութեան դրսեւորումներն են, մարդկային բարձր արժէքներով օժտուած այդ  կանայք չեն ամուսնացած եւ թողելով իրենց տուները, իրենց երկրային կեանքի ընթացքին  օգնած են եւ բախտաւոր մարդիկ  եղած են դառնալով Աստուծոյ օգնականներ, աղերսը իրենց միջոցով հասած է Աստուծոյ:

Վաւերագրական ֆիլմ դիտելը դիւրին չէ, ինչպէս նաեւ դիւրին չէ  հանդիսատեսին ուշադրութիւնը պահել մինչեւ վերջ: Պէտք է մտածել ինչ ձեւով  պահել, որովհետեւ այդ միայն տեղեկութիւններ են, որ կը փոխանցուին, եւ ահաւասիկ մեր կողմէ այդ յատուկ ընտրութիւնը կատարած ենք նման կառուցուածքով, որպէսզի ֆիլմը  հաղորդական ըլլայ  հանդիսատեսին եւ մինչեւ օրս ճնշող մեծամասնութեամբ դրուատանքի եւ բարձր գնահատանքի խօսքերու արժանացած ենք: Ազդեցիկ է,  դաժանութիւններ  չկան եւ հանդիսատեսները  ափսոսանքով դուրս եկած են,  որ մինչեւ օրս տեղեակ չեն եղած այս իրադարձութիւններէն:

Մեր ժողովուրդի համար անհրաժեշտ է, որ իւրաքանչիւր հայ  պարտաւոր է այս ֆիլմը դիտել, որպէսզի պատմութիւնը լաւ ճանչնայ, մեր ժողովուրդի երախտաւորներու մասին, օտար մարդիկ  ովքեր իրենց տուները թողած իրենց մարդասիրական զոհողութիւնները նուիրած են հայ ժողովուրդին:

Մեր թիրախը օտար հանդիսատեսն  է ընդհանրապէս եւ այս մէկը դիւանագիտական զէնք է Հայոց Ցեղապանութինը հետապնդող կառոյցներու կողմէ:

Այս  աշխատանքը պէտք է տարածուի, մեր ժողովուրդի պատմութիւնն է եւ պէտք է թարգմանուի տարբեր լեզուներու,  որու աշխատանքը արդէն սկսած ենք:

 

 

Հարցազրոյցը վարեց`

Ա.Ե.