image
Հրատապ լուրեր:

«1915ի ոճիրէն հարիւր վեց տարի ետք, մարդկութիւնը չի մոռնար ամբողջ ժողովուրդի մը բնաջնջումը». Յունաստանի վարչապետ

«1915ի ոճիրէն հարիւր վեց տարի ետք, մարդկութիւնը չի մոռնար ամբողջ ժողովուրդի մը բնաջնջումը». Յունաստանի վարչապետ

Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 106-ա­մեա­կին ա­ռի­թով, ­Յու­նաս­տա­նի հան­րա­պե­տու­թեան վար­չա­պետ ­Քի­րիա­քոս ­Մի­ցո­թա­քիս նա­մակ ու­ղար­կեց Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բին, ո­րուն մէջ իր զօ­րակ­ցու­թիւ­նը կը յայտ­նէ հա­յու­թեան, նշե­լով թէ հայ ժո­ղո­վուր­դի բնաջն­ջու­մը հա­ւա­քա­կան եւ հե­տե­ւո­ղա­կան ո­ճիր մըն էր։ Ս­տո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք վար­չա­պե­տի նա­մա­կին հա­յե­րէն պատ­ճէնը։

Ուղ­ղո­ւած՝
­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բին

Ա­թէնք, 22 Ապ­րիլ 2021

­Տիկ­նայք եւ պա­րո­նայք, սի­րե­լի բա­րե­կամ­ներ,

«­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յի­շա­տա­կի օ­րը» իւ­րա­յա­տուկ նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող տա­րե­լից մըն է ­Յոյն եւ ­Հայ ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն հա­մար, ո­րոնց կա­պե­րը կու գան դա­րե­րու խո­րե­րէն։ ­Բայց նաեւ՝ բա­րե­կա­մու­թիւն մը, որ դարբ­նո­ւած է դժո­ւար պայ­ման­նե­րու տակ։
1915-ի ո­ճի­րէն հա­րիւր վեց տա­րի ետք, մարդ­կու­թիւ­նը չի մոռ­նար ամ­բողջ ժո­ղո­վուր­դի մը բնաջն­ջու­մը։ ­Հա­ւա­քա­կան եւ հե­տե­ւո­ղա­կան ո­ճիր մը, որ կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցաւ երբ ամ­բողջ երկ­րա­գուն­դի հա­յեաց­քը ուղ­ղո­ւած էր Ա­ռա­ջին ­Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մի խրա­մատ­նե­րուն վրայ։
Այ­սօր, ու­րեմն, ինչ­պէս ա­մէն 24 Ապ­րի­լին, կը յար­գենք ան­մեղ զո­հե­րու յի­շա­տա­կը, յայտ­նե­լով մեր հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը մարդ­կա­յին կեան­քի յար­գան­քին ու ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թեան սկզբունք­նե­րուն։ Ո­րով­հե­տեւ, միայն խա­ղաղ գո­յակ­ցու­թիւնն է, որ ազ­գե­րը դէ­պի յա­ռաջ կ­՚ա­ռաջ­նոր­դէ, տար­բեր ըլ­լա­լու ի­րո­ղու­թիւ­նը փո­խա­կեր­պե­լով հա­սա­րա­կաց հարս­տու­թեան։
­Ժա­մա­նա­կի գլո­րու­մին մէջ, ­Յու­նաս­տա­նը եւ ­Կով­կա­սը միա­սին քա­լե­ցին դի­ցա­բա­նու­թեան ու պատ­մու­թեան, քա­ղա­կակր­թու­թեան ու ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն ընդ­մէ­ջէն։ Այս պատ­ճա­ռով ալ, մեր եր­կի­րը նե­ցուկ կանգ­նե­ցաւ խո­ցո­ւած­նե­րուն ու վի­րա­ւոր­նե­րուն՝ ­Հա­յաս­տա­նի վեր­ջին փոր­ձու­թեան ըն­թաց­քին։ Ան­մի­ջա­պէս ըն­դա­ռա­ջեց մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թիւն հասց­նե­լու կո­չին։ Այ­սօր, մեր եր­կի­րը զօ­րա­վիգ կը կանգ­նի շրջա­նին մէջ ա­պա­հո­վու­թեան հաս­տատ­ման գոր­ծըն­թա­ցին, յե­նո­ւած ­Մի­ջազ­գա­յին Ար­դա­րու­թեան կա­նոն­նե­րուն վրայ։ ­Լու­ծում մը, որ պի­տի յար­գէ տե­ղա­ցի ժո­ղո­վուր­դին ի­րա­ւունք­նե­րը, հե­ռու՝ նոր ու ա­նար­դար ա­րիւ­նա­հո­սու­թե­նէ։
­Նաեւ, ­Յու­նաս­տա­նը չի կրնար մոռ­նալ, որ 20-րդ ­դա­րու սկիզ­բին, ­Յոյ­նե­րը եւ ­Հա­յե­րը միա­սին ճա­շա­կե­ցին ող­բեր­գա­կան պա­հեր, ­Պոն­տա­ցի­նե­րու եւ ­Փոքր Ա­սիոյ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ող­բեր­գու­թեան ընդ­մէ­ջէն։ ­Ճիշդ այդ պատ­ճա­ռով, նոյ­նիսկ դժո­ւար պայ­ման­նե­րու տակ, մեր եր­կի­րը ա­ռա­ջին­նե­րէն ե­ղաւ, որ պատս­պա­րեց հա­լա­ծո­ւած ­Հա­յե­րը եւ ճանչ­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը։
­Դա­րե­րու ընդ­մէ­ջէն ե­կող հա­սա­րա­կաց եր­թը կը շա­րու­նա­կո­ւի այ­սօր եւս՝ եր­կու եր­կիր­նե­րուն մէջ ապ­րող հա­մայնք­նե­րու մի­ջո­ցով։ Ի­րար մի­ջեւ ա­մուր հաս­տա­տո­ւած կա­մուրջ­ներ, որ ար­գա­սա­բեր կեր­պով կը մաս­նակ­ցին եր­կու եր­կիր­նե­րու տնտե­սա­կան եւ ըն­կե­րա­յին կեան­քին, վե­րա­նո­րո­գե­լով ի­րենց դա­րա­ւոր բա­րե­կա­մու­թիւ­նը։
­Կը փա­կեմ կրկնե­լով պատ­մա­կան յի­շո­ղու­թեան պահ­պահ­ման կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, մա­նա­ւանդ երբ մո­ռա­ցու­թիւ­նը պատ­ճառ կը դառ­նայ կրկնե­լու այն ա­րարք­նե­րը, ո­րոնք ի­րենց մռայլ հետ­քը թո­ղե­ցին պատ­մու­թեան վրայ։ ­Հե­տե­ւա­բար, մեր զգօ­նու­թիւ­նը պէտք է դառ­նայ մնա­յուն։ ­Մեր խօս­քե­րուն պէտք է ըն­կե­րա­նան այն գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք պի­տի կա­րո­ղա­նան կա­սեց­նել խտրա­կա­նու­թիւ­նը, ա­տե­լու­թիւ­նը եւ բռնու­թիւ­նը։ ­Հա­րիւր վեց տա­րի յե­տոյ, ու­րեմն, կը յի­շենք, կը մնանք զգօն եւ կը գոր­ծակ­ցինք։

­Քի­րիա­քոս ­Մի­ցո­թա­քիս