Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, որ Անգարայի եւ Թել Աւիւի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին համաձայնագիրի ստորագրման փուլը մօտեցած է: Այս մասին ան ըսած է «TRT» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցին ընթացքին: «Մենք մօտ ենք Իսրայէլի հետ համաձայնագիրի կնքումին: Ատոր մնացած է 1-2 հանդիպում», յայտարարած է Չաւուշօղլուն:
Ըստ անոր, Թուրքիոյ համար կարեւոր է, որ Իսրայէլ վերացնէ Կազայի մարդասիրական օժանդակութեան մատակարարման կապուած խոչընդոտները: