Միացեալ Նահանգներ պարտավոր չԷ հետեւիլ «Միասնական Չինաստան»ի քաղաքականութեան, որուն համաձայն Թայուան կը համարուի ՉԺՀ-ի բաղկացուցիչ մաս: Այս կարծիքը «Fox» հեռուստակայանի եթերին յայտնած Է ԱՄՆ-ի նորընտիր նախագահ Տոնալտ Թրամբ:
«Ես լաւ կը հասկնամ «Մէկ Չինաստան»ի քաղաքականութիւնը, բայց չեմ հասկնար, թէ մենք ինչո'ւ պէտք Է հետեւինք անոր, եթէ Չինաստանին հետ համաձայնութեան չենք գար՝ այլ հարցերու, ներառեալ առեւտուրի շուրջ»,- անոր խօսքը մեջբերած Է «Ռոյթըրզ»:
Բացի անկէ, Թրամբ կրկին քննադատած Է Չինաստանը՝ իր արժութային քաղաքականութեան, Հարաւ-չինական ծովին մէջ ունեցած գործունէութեան եւ Հիւսիսային Գորիայի նկատմամբ դիրքորոշման համար: Մեկնաբանելով Թայուանի ղեկավար Ցայ Ինուէնի հետ տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցը՝ ԱՄՆ-ի նորընտիր նախագահը նշած Է, որ Փեքին պէտք չԷ որոշէ, թէ ինք որո՛ւ հետ կապ հաստատէ: