image
Հրատապ լուրեր:

ԱՄՆ-ի թուրքերը մտադիր են հակադարձել

ԱՄՆ-ի  թուրքերը մտադիր են հակադարձել

ԱՄՆ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի զանազան թաղերուն մէջ բնակող թուրքեր սկսած են Ուաշինկթընի դեսպանատան առջեւ գիշեր ու ցերեկ հերթ բռնել, որպէսզի արգելք ըլլան հայ ցուցարարներու կողմէ 1915-ի դէպքերու առթիւ Թուրքիոյ դէմ կատարուելիք ցոյցերուն: Դեսպանատան առջեւ թուրքեր վրաններ հաստատած են, մայթերու վրայ՝ տեղ գրաւած եւ շրջապատին մէջ թրքական դրօշակներ կախած են: Կը հաղորդուի նաեւ, որ տարբեր նահանգներէն մեծ թիւով թուրքեր եկած են ու հերթով կը մնան լարուած վրաններուն տակ:

Օրհան Վաթանսէվէր անունով անձը այս կապակցութեամբ ըսած է. «Պիտի չարտօնենք, որ հայ ցուցարարներ մօտենան դեսպանատան»:

Միւս կողմէ թուրքեր ծրագրած են 24 ապրիլին ցոյցի երթ ընել Սպիտակ Տան առջեւ: Ցոյցին պիտի մասնակցին ԱՄՆ բազմաթիւ նահանգներէն ժամանած հազարաւոր թուրքեր: