Ամերիկեան բանակի Chinook տիպի ուղղաթիռ մը ջախջախուած է Իրաքի մէջ: Այս մասին լուրը տուած է «Ալ Մայատին» կայանը նշելով, որ դէպքը եղած է երէկ գիշեր Իրաք-Սուրիա սահմանային հատուածին մօտ:
Աւելի ուշ ամերիկեան բանակի բանբեր մը յայտարարեց, որ ուղղաթիռի ջախջախումէն ետք գտնուած են անոր մէջ եղող 7 զինուորներուն դիակները, որոնց մէջ էր նաեւ ուղղաթիռի օդաչուն: Կը նշուի, որ ուղղաթիռը կ'ուղղուէր զինուորական T 1 ամերիկեան զինուորական կայան: