Ամերիկա-(«Ալ-Քուտս Ալ-Արապի»)- Փենթակոնը երեքշաբթի օր յայտարարած է, որ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ օրեր առաջ վիրաւորուած են երկու ամերիկացի զինուորներ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Քուտս Ալ-Արապի»ն, նշելով, որ այդ զինուորները կ'աշխատին իսլամական պետութեան դէմ պատերազմող զինեալ խմբաւորումներուն որպէս խորհրդատու:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Փենթակոնի խօսնակ Ճիֆ Տէյվիսի համաձայն, զինուորներէն մէկը անուղղակի հարուած ստացած է Սուրիոյ Ռաքքա քաղաքի հիւսիսային շրջանը, երբ ան ռազմաճակատէն հեռու կը գտնուէր: Ճիֆ նաեւ նշած է, որ վերջին օրերուն այլ ամերիկացի զինուոր մը եւս վիրաւորուած է Իրաքի հիւսիսը գտնուող իրպիլի մօտակայքը՝ դրաձեալ անուղղակի կապարով: Սակայն ԱՄՆ-ի պաշտպանութեան նախարար Էշթըն Քարթըրը իր հերթին լրագրողներուն յայտնած է, որ «զինուրականները վիրաւորուած ժամանակ կը գտնուէին պատերազմի դաշտ»:
Կը նշուի, որ ներկայիս Միացեալ Նահանգները Սուրիոյ հիւսիս արեւելեան տարածքին ունի աւելի քան 200 զինուրականներ, որոնք կը ծառայեն որպէս խորհրդականներ: Կը նշուի նաեւ, որ ամերիկեան ուժերը դիրքաւորուած են մասնաւորապէս Դեմոկրատական Սուրիոյ ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջանները: