ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական խօսնակը յայտարարած է, որ նախարարութիւնը ետ կանչած է Չինաստան մէջ գործող շարք մը դիւանագէտներ այն բանէն ետք, երբ վերջիններս գլխուղեղը վնասող անյայտ հիւանդութեամբ մը վարակուած են, կը գրէ «New York Times» թերթը:
Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Չինաստանի հարաւային քաղաքներէն մէկուն մէջ գործող ամերիկացի դիւանագէտի մը անյայտ հիւանդութեամբ վարակուելէն ետք նախարարութիւնը բժշկական խումբ ուղարկած է, ամերիկացի դիւանագէտներն ու անոնց ընտանիքներու անդամները քննելու համար:
Քննութեան արդիւնքով, բժշկական խումբը քանի մը դիւանագէտներ ուղարկած է ԱՄՆ, որպէսզի այնտեղ հետազօտուին ու պարզուի, թէ ինչ հիւադութեամբ կը տառապին անոնք:
Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ անցեալ տարուան ընթացքին Քուպայի մէջ 24 ամերիկացի դիւանագէտներու մօտ նոյնպէս նոյն ախտանշանները ի յայտ եկած էին, որոնք համարեա' նման են գլխուղեղի ցնցումէն առաջացող ախտանշաններուն: