image
Հրատապ լուրեր:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հեռախօսազրոյց ունեցած է Հայաստանի Հանրապետության Նախագահի հետ

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հեռախօսազրոյց ունեցած է Հայաստանի Հանրապետության Նախագահի հետ

27 Սեպտեմբերին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հեռախօսազրոյց ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ։

Վեհափառ Հայրապետը եւ ՀՀ Նախագահը անդրադարձած են Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած յարձակման պայմաններու մէջ աշխարհասփիւռ հայութեան ներուժու համախմբման ուղիներուն, ՀՀ իշխանութիւններու եւ ազգային առաջնորդներու կողմէ ձեռնարկուելիք քայլերուն։

Վեհափառ Հայրապետը տեղեկացուցած է աւելի վաղ Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապի հետ ունեցած հանդիպման արդիւնքներու, ինչպէս նաեւ ստեղծուած իրավիճակի մէջ իր այցի մնացեալ հանդիպումներու չեղարկման եւ Հայաստան վերադարձի մասին։