image

Մոսկուա ժամանած է Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան պատուիրակութիւնը

Մոսկուա ժամանած է Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան պատուիրակութիւնը

 

Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական պատուիրակութիւնը՝ ընդհանուր սպայակոյտի պետ Ալի Նաասանի գլխաւորութեամբ, ժամանած է Մոսկուա։

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է Syria TV-ն՝ յղում ընելով Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան։

Հեռուստակայանի տուեալներով՝ պատուիրակութիւնը դիմաւորած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան փոխնախարար Եունուս Պեք Եւքուրովը։

Այցը տեղի կ՚ունեանայ երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ համակարգման մեխանիզմներու զարգացման շրջածիրէն ներս, կը նշէ հեռուստակայանը։

Յուլիս 31-ին պաշտօնական այցով Մոսկուա ժամանած էր Սուրիոյ անցումային կառավարութեան պաշտպանութեան նախարար Մարհաֆ Ապու Քասրան։