image

5 Տարի ետք առաջին անգամ ըլլալով պատարագ Տէր Զօրի մէջ

5 Տարի  ետք առաջին անգամ  ըլլալով  պատարագ   Տէր Զօրի մէջ

5 տարիէի ի վեր առաջին անգամ ըլլալով երէկ Տէր Զօրի մէջ մատուցուած է Պատարագ:

 Այս մասին լուրը տրուած  է «Ալ Ժումհուրիյա»  կայքը, որ նաեւ կը հաղորդէ, թէ պատարագը տեղի ունեցած է Ասորի ուղղափառներու «Սուրբ Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ:

 Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ եկեղեցին կը գտնուի քանդուած վիճակի մը մէջ եւ միաբանները ստիպուած եղած են Սուրբ Խորանը փոխարինել սեղանով մը եւ եկեղեցւոյ քանդուած նստարանները փոխարինել   կերպընկալէ աթոռներով:

 Պատարագին ներկայ եղած է Ասորի Ուղղափառներու Պատրիարք Մար Իգնատիոս Աֆրան պատրիարքը, որ այս առիթով ալ քարոզ մը տալով յայտնած է, որ «այսօրուան  աղօթքը մեզի համար քրիստոնէական  յոյս եւ հաւատք կը ներշնչէ ու վստահ ենք, որ մեր հաւատացեալները դարձեալ այս քաղաքը պիտի վերադառնան եւ իրենց տաճարը պիտի վերանորոգեն»:

 

Կը նշուի, որ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին կը գտնուի «Սինամա Ֆուատ»  թաղամասին մէջ, որ 2012 թուականէն ի վեր յայտնուած էր ահաբեկիչներու տիրապետութեան տակ:

 


syr2

 

 

syr4

 

syr3