image
Հրատապ լուրեր:

383 նոր դէպք. «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 9 833-ի

383 նոր դէպք. «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 9 833-ի

Հայաստանի մէջ, 25 յուլիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 36 996 դէպք, որոնցմէ 26 243-ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 9 833 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 155 664 քննութիւն:

Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 383 նոր դէպք եւ  999 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 8 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 700):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 69, 72 տարեկան տղամարդիկ եւ 71, 56, 79, 85, 85, 64 տարեկան կանայք:Բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Արձանագրուած է մահուան եւս 2 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահուան պատճառ եղած է այլ հիւանդութիւն։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 220 է: