Հայաստանի մէջ, 26 յուլիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 37 317 դէպք, որոնցմէ 26 478-ը` առողջացած:
Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:
«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 9 914 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 157 152 քննութիւն:
Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 321 նոր դէպք եւ 235 առողջացած։
«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 5 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 705):
ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 67, 86 տարեկան տղամարդիկ եւ 63, 65, 77 տարեկան կանայք:Բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։