image

30 սուրիացի երեխաներ բռնաբարուած են թրքական գաղթակայններու մէջ

30 սուրիացի երեխաներ բռնաբարուած են թրքական գաղթակայններու մէջ

Թուրքիա- («Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիւզ»- Պոլիս)-  8-12 տարեկան 30 սուրիացի փախստական ​​երեխաներ, աւելի քան երեք ամիս սեռական բռնաբարութեան ենթարկուած են, Թուրքիոյ «Նիզափ» գաղթակայանի մաքրութեան պաշտօնեայի կողմէ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Հիւրրիյէթ», նշելով, որ «Նիզափ» գաղթակայանը, որ կը գտնուի Կազիայնթապի հարաւ-արեւելեան շրջանը, կը կառավարուի երկրի «Աղէտի եւ արտակարգ իրավիճակներու կառավարման մարմնի» (AFAD ) կողմէ: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Աղէտի գործակալութիւնը, մօտէն հետեւելէ ետք հնչող գանգատներուն, հաստատած է մեղադրանքը եւ կասկածեալը դատապարտուած է  289 տարուան ազատազրկմամբ:

Հետաքննութեան զեկոյցի համաձայն,  մաքրութեան պատասխանատու պաշտօնեան երեխաները կ'առաջնորդէր դէպի տեսախցիկներու աչքէն հեռու գտնուող «կոյր կէտեր», առաջարկելով անոնց  1.5-էն 5 թրքական լիրայի գումար մը:

Մանուկներու ընտանիքները մաքրութեան աշխատողի մշտական փորձերու մասին տեղեկացած են, երբ երեխաներէն մէկը պատմած էր այդ մասին իր հօրը եւ այդպիսով հարցը յանձնուած էր իշխանութիւններու ուշադրութեան: 8 երեխաներու ընտանիքները  քրէական բողոք ներկայացուցած էին, մինչ մնացեալ զոհերու  ընտանիքները հրաժարած էին՝ Թուրքիոյ մէջ իրենց կեցութեան սպառնացող վտանգի մտավախութեամբ:

Աղբիւրի համաձայն, 29-ամեայ կասկածեալը ձերբակալուած է սեպտեմբեր 2015-ին ներկայացուած բողոքներէն ետք եւ ներկայիս դատապարտուած է  289 տարուան ազատազրկմամբ:

Լսելով դէպքի մասին՝ Կազիայնթապի երեխաներու  իրաւունքներու  կեդրոնի իրաւաբաններու ընկերակցութիւնը յայտարարած է, որ դիւանի  ժողով պիտի գումարէ այս առթիւ եւ դիմում ներկայացնէ դատարանին, միանալու յանցագործի դէմ ընթացող դատավարութեան, «Մենք անպայման  պիտի հետեւինք այս հարցին», - ըսուած է յայտարարութեան մէջ: