image
Հրատապ լուրեր:

25-Ամեայ Արցախը պատերազմի եւ խաղաղութեան միջեւ

25-Ամեայ  Արցախը    պատերազմի եւ խաղաղութեան    միջեւ

2 Սեպտեմբերին, մինչ մայրաքաղաք  Ստեփանակերտը    տօնական մթնոլորտի մը  մէջ կը նշէր ԼՂՀ  անկախութեան   25-րդ տարեդարձը, սահմանին, իր զինուորական  պարտականութիւնը կատարելու ժամանակ կը  նահատակուէր     25-ամեայ զինուոր Արայիկ Օրտուբէկեանը:

Նահատակ զինուորը կը դառնար  25-րդ տարին բոլորած    Արցախի    առաջին նահատակը:   ԼՂՀ  նախագահ Բակօ Սահակեան,  հրամանագիր  մը ստորագրելով,  յետ մահու կը պարգեւատրէր   զոհուած զինծառայողը:

Արցախի  մէջ  բոլորը   կը գիտակցին, որ  այս  օրերուն  տիրող հանդարտութիւնը   «հանգիստ»ի   փուլ  մըն է, որ կրնայ  շատ արագ  պատերազմի վերածուիլ: Այս իրավիճակին  ամրագրումը անշուշտ    պայմանաւորուած է  անցնող ապրիլին եղած  քառօրեայ պատերազմով ու այդ պատերազմին պարզած  ընդհանուր տեսարանով:

Թալիշի, Մարտակերտի, Ճէպրայիլի  եւ այլ շրջաններու մէջ   հեղուած  արիւնը  ցոյց  կու տար,  թէ   պատերազմը ինչքան մօտ է Ղարաբաղին:

Արիւնը, ուրեմն կը գծէր նոր սահմանագիծ, որ սակայն տակաւին   վախճանական   իր  տեսքը չէ ստացած: ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարար  Զօր. Լեւոն Մնացականեանին հետ ունեցածս հակիրճ   զրոյցին  մէջ  զօրավարը,   խօսելով սահմանային իրադրութեան  մասին,  կը շեշտէր, որ  հայկական  զինուած ուժերու  բոլոր ստորաբաժանումները   պատրաստ են լաւագոյնս կատարել իրենց վրայ  եղած  պարտաւորութիւնները:   Մնացականեան  նաեւ, չէր   թաքցներ  պատերազմի վերսկսման    հաւանականութիւնները: Ան  այս առումով   կ'ըսէր. «Այնքան ժամանակ, որ բանակ   կայ,  այդ կը նշանակէ, որ պատերազմի հաւանականութիւնը  առկայ է»:

Եթէ  փորձենք  ապրիլէն  ետք   եղած ընդհանուր  սահմանային  իրադրութեան մասին  խօսիլ, պէտք  է յստակօրէն  ընդգցծենք, որ    մայիսէն  մինչ  օգոստոս երկարող     շրջանը  սահմանային ընդհանուր   կարգավիճակը   վերջին մէկ տարուան ընթացքին  ամէնէն   կայունն էր:   Ճիշդ է, որ ազրպէյճանեան  կողմը հայկական  սահմանապահ   դիրքերուն ուղղութեամբ   կը շարունակէ   ամէնօրեայ  դրութեամբ  կրակ  բանալ, բայց  այսօրուան  իրադրութիւնը  շատ  աւելի  խաղաղ է,  քան ըսենք,  ապրիլեան  դէպքերէն  առաջ  եղած ընդհանուր սրացումները: Ասոր հետ  մէկտեղ մեծապէս նուազած են   հայկական  կողմին կրած մարդկային կորուստները: Անշուշտ  այս բոլորը կարելի չէ  ընկալել, որպէս ընդհանուր խաղաղ  կարգավիճակի մը նախասկիզբը,  բայց եւ այնպէս նոյնպէս յստակ է, որ Պաքուի  կողմէ      վերջին ամիսներուն որդեգրուած  «ռազմական  իրավիճակը» առաւելագոյնս  հանդարտ պահելու   որոշումը,  իր մէջ նոյնպէս կը  պարփակէ     առնուազն սպասողական    դիրքերու մէջ ըլլալու   որոշում մը:

Անշուշտ, Պաքուի կողմէ այս  բացայայտ «մեղմացում»ը կրնայ մէկ օրէն  միւսը  նոր  փոխուիլ ու   ստեղծել նոր իրադրութիւն, բայց  եւ այնպէս   նոր  լայնածաւալ  պատերազմի մը  շղթայազերծումը     կարիք ունի մի քանի      ընդգծուած  պայմաններուն, որոնք այսօր կը բացակային    հարաւային  Կովկասի  մէջ:

Հասկնալի է նաեւ, որ Ուշաշինկթընի՝ Կովկասի հանդէպ  ցուցաբերած     երեւելի անհոգութեան    դիմաց,      Մոսկուա   դարձած է շրջանին մէջ     կողմերուն  գաղտնաբառ փոխանցող եւ գրեթէ միակ   գլխաւոր խաղացողը:  Երբ  Մոսկուա- Անգարա յարաբերութիւնները ծանր   սրացում  ապրեցան, քիչ  չեղան  այն վերլուծաբանները, որոնք   գրեցին, որ ապրիլեան     պատերազմի հրահրումը   նաեւ  կապ ունի այդ ընդհանուր լարուածութեան հետ: Այսինքն կողմերուն   համար   շատ  հաւանական էր, որ Ղարաբաղ    դառնար    պատերազամական նոր օճախ մը, ուր Անգարա եւ Մոսկուա     պիտի նախընտրէին  իրարու ուղղած  «պատգամ»ները հոն հնչեցնել:

Այս բոլորին կողքին կայ նաեւ  Պաքուի կողմէ  արագ    գործողութեամբ մը      մեծ  տարածքներ     վերցնելու  մշակուած  ծրագիրը,  որը պիտի աւարտէր  Ղարաբաղի ու Հայաստանի համար   շատ  դժուարին սցենարներ պարունակող   «պարտադրուած»  բանակցութիւնններով:

Բայց այս բոլորը չեղան: Չեղան անշուշտ, որովհետեւ  հակառակ   հայկական կողմին ունեցած   մեծ բացթողումներուն,   ղարաբաղեան   սահմանապահ զօրքերը, ոչ միայն  փայլուն  կատարեցին իրենց վրայ  դրուած   պարտականութիւնը, այլ աւելին  «պարտադրեցին», որ Պաքու  խնդրէ Մոսկուայի անմիջական  միջմատութիւնը՝ 5  ապրիլին  հրադադար  յայտարարելու համար:

Վերը  խօսեցանք  սահմանին վրայ   տիրող համեմատական «անդորր»ին մասին,  ու    ասոր զուգահեռ   տեսանելի է նաեւ, որ Պաքու  առաջուան նման    մարտաշունչ «ներբող»ներ հանդէս  չի գար:

Ճիշդ է, որ Իլհամ Ալիեւի իշխանութեան համար  Ղարաբաղի   հարցը     դարձած է      քաղաքական ներքին  օրակարգի   հիմնական  առանցքներէն մին,  բայց եւ այնպէս   ապրիլին  ազրպէյճանեան  բանակին  կրած    կորուստներուն  հետեւանքով       այդ  «գործօն»ը սկսած է թուլանալ:

Մինչ  Հայաստանի ընդդիմութիւնը     կը շարունակէ մնալ «կառավարելի»,  անդին Պաքուի  մէջ կրնան  այնպիսի զարգացումներ կատարուիլ, որոնց  հանրագումարով  Ալիեւի Ղարաբաղեան   հարցը  զինուորական    ընտրանքներով  լուծելու  մասին    կատարուած  յոխորտանքները  ջուրը կ'իյնան:

Պաքու  անցնող  ապրիլին նախայարձակ էր:

Նախայարձակ ու  ծանր  կորուստներ ստանալէ ետք դարձաւ քաղաքական բանակցութիւններ  կայացնելու ջատագով:

Բանակցութիւնները չսկսած   ազրպէյճանական կողմը,  սխալ դիտարկումներով, անտեղի  եւ սուտ   մեկնաբանութիւններով շարունակեց  վառելանիւթ    նետել երկու կողմերուն միջեւ, արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող անվստահութեան «խարոյկ»ին: 

 Այսօր  այդ իրադրութեան  մէջ է ղարաբաղեան  հիմնահարցը:

 Ու այս բոլորէն  անդին   ներկայ  «ստատուս քվո»ի պահպանման    հաւանականութիւնները շատ աւելի մեծ են, քան  խնդրի որեւէ լուծման  (ըլլայ այն զինուորական  կամ  բանակցային ճանապարհով)  հեռանկարի երեւում:

Այս իրավիճակը անշուշտ  բարդ է  երկու կողմերուն  համար:

Հայկական կողմը, որ ապրիլեան  դէպքերուն  հետեւանքով կ'ապրի  բաւական «շոքային» իրավիճակ մը, պէտք է արագօրէն դուրս  գայ այս  բոլորէն  եւ    հաստատ քայլերով շարունակէ պետականաշինութեան գործընլացներ:

 

 Պատերազմը     լաւագոյն  ընտրանքը չէ, ղարաբաղցիք  լաւ գիտեն  այդ մէկը, ու առանց  յոխորտանքի  գիտեն նաեւ, որ կայուն խաղաղութեան համար   պէտք է ամէն գնով պատրաստ ըլլալ պատերազմի:

 

 

 Սագօ Արեան

 Ստեփանակերտ-Երեւան

   «Արարատ»/Պէյրութ